Անուրանալի է, որ այս անգամ, գոնէ Ֆրանսայի տարածքին, ի տես Արցախի մէջ տեղի ունեցող մարդասիրական աղէտին՝ անտարբերութիւն չի տիրեր, ընդհակառակն։ Օր չ՚անցնիր, որ առնուազն մեր տեսած լրասփիւռներուն մէջ, Արցախի ժողովուրդին զօրակցութեան, կամ Ազերպայճանի բռնատիրական վարչակարգը դատապարտող գրութիւններ, վերջինիս դէմ պատիժներու ձեռնարկելու կոչեր լոյս չտեսնեն։
Անոնցմէ կարեւորագոյններուն կ՚անդրադառնանք մեր ուժերուն եւ սիւնակներուն ներած չափով։
Ատոնցմէ է նաեւ Ֆրանսայի մեծագոյն երեք քաղաքներու՝ Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսիլիոյ քաղաքապետերուն միացեալ կոչը, որ լոյս տեսած է Դեկտեմբեր 22-ին «Լիպերասիոն» օրաթերթին մէջ։
Անն Հիտալկօ, Կրեկորի Տուսէ եւ Պընուա Փայան իրենց կոչ-յօդուածին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացնելէ եւ շատ խիստ ոճով դատապարտելէ ետք Ազերպայճանի անթոյլատրելի գործելաոճը եւ յաջորդական ոտնձգութիւնները, որոնք յանգեցուցած են այսօր ստեղծուած մարդասիրական աղէտալի իրավիճակին՝ 120 000 հոգիի գոյութեան իսկ սպառնալով, կոչ կ՚ընեն Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան՝ գործնական քայլերու դիմելու եւ խօսքէն անցնելով գործի՝ պատիժներ սահմանելու Ազերպայճանի դէմ։