Մայիս 12-ին, Փարիզի մէջ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսարանը յարձակման ենթարկուած է անծանօթներու կողմէ, որոնք երկու պայթուցիկ նետած են դիւանագիտական ներկայացուցչութեան ուղղութեամբ։
Պայթումներու հետեւանքով կոտրած են հիւպատոսարանի ապակիները, վնասուած՝ պատերը։ Զոհեր և վիրաւորներ չկան։
Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ յարձակումը ստանձնած են քրտական ՓՔՔ-ի առնչուած շրջանակներ։