ԱՐՑԱԽԻ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ 200−ՐԴ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Յունիս 28-ին, Փարիզի «Կաւօ» հեղինակաւոր համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցութեան բացառիկ երեկոյթը, որ կը կրէր «Հայաստան՝ կեանքի ճանապարհը» (« Arménie, la route de la vie ») տիտղոսը։
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Արցախի ներկայացուցչութեան եւ «Արցախի բարեկամներ» խումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս եզակի երեկոյթի ընթացքին ֆրանսացի շուրջ երկու տասնեակ արուեստագէտներ արդէն 200 օրէ ի վեր շարունակուող Արցախի շրջափակման մասին ահազանգելու նպատակով՝ բարձրացուցին աշխարհէն մեկուսացուած Արցախահայութեան ձայնը եւ անոնց յուզիչ նամակներու ընթերցման միջոցով հանդիսատեսին ներկայացուցին Արցախահայերու՝ գոյաբանական մարտահրաւէրներով լեցուն առօրեան ու անոնց ապրումները։
Շուրջ 1000 հոգինոց դահլիճը լեփ-լեցուն էր։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ Արցախահայերու յուզիչ նամակները ընթերցեցին ֆրանսացի անուանի արուեստագէտներ Արիան Ասքարիտ, Վալերի Քարսանթի, Ռոմէն Ռոնտօ, Կուենտոլին Կուրվենեք, Մելանի Պերնիէ, Անն Լը Նի, Գամիյ Գլարիս, Մայա Սանսա եւ Ալիքս Պենեզեք։
Երեկոյթի ընթացքին խօսք առին նաեւ ֆրանսացի շարք մը ականաւոր մտաւորականներ եւ գրողներ, ինչպէս՝ հանրածանօթ գրող, փիլիսոփայ եւ ճանապարհորդ Սիլվէն Թեսոն, «Figaro-Magazine»-ի փոխտնօրէն, լրագրող Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, գրող, ռազմական թղթակից, Մարդկային իրաւանց հարցերու Ֆրանսայի նախկին դեսպան Օլիվիէ Վեպէր, գրող, փիլիսոփայ Փասքալ Պրիւքնէր, շարժանկարի ֆրանսահայ անուանի բեմադիր Ռոպէր Կէտիկեան։
Մտաւորականները ահազանգ հնչեցուցին շուրջ 200 օրէ ի վեր Ազերպայճանի պարտադրած շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած աղէտալի վիճակին եւ այն սպառնալիքներուն կապակցութեամբ, որոնց Արցախի ժողովուրդը այսօր դէմ-յանդիման կը գտնուի։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին, ընդգծելով՝ շրջափակման անյապաղ վերջ տալու եւ Արցախահայութեան իր հայրենի հողին վրայ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորելու համար՝ միջազգային հանրութեան գործուն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը։
Երեկոյթի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան, երգչուհի Աննա Շետիտ եւ Madame Monsieur խումբը։
Միջոցառման աւարտին ամփոփիչ ելոյթ մը ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ֆրանսացի մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած՝ միասնական ոգիով աննախադէպ զօրակցութեան համար։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբերու նախագահներ Անն-Լոռանս Փեթէլ եւ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի, երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ, տարածքային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարներ, Ֆրանսայի մշակութային եւ հանրային գործիչներ, քանի մը տասնեակ լրագրողներ, հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ ■