Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ բոցի արծարծման աւանդական արարողութիւն

Ապրիլ 26-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութեանց ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երթ դէպի Փարիզի Յաղթանակի կամար, առաջնորդութեամբ՝ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանի, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) եւ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան (ANACRA) ղեկավարութեան։

Քայլերթին մասնակցեցան խորհրդարանականներ, ծերակուտականներ, քաղաքապետեր, ֆրանսահայ եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար հարիւրաւոր քաղաքացիներ։

Յաղթանակի կամարին տակ նախ հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը, ապա տեղի ունեցաւ բոցի արծարծում ձեռամբ դեսպան Խաչատրեանի։ Անծանօթ զինուորի շիրիմին ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը։