Մայիս 14-ին, Փարիզի 9-րդ թաղին մէջ բացումը կատարուեցաւ մտաւորական, Ֆրանսայի մէջ Արմենոֆիլ (Հայասիրական) շարժումի առաջամարտիկ, բանաստեղծ եւ գրաքննադատ Արշակ Չօպանեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակին։ Երկար տարիներ Փարիզի պատմական այս թաղամասին մէջ (9 rue Jean-Baptiste Say) բնակած է Արշակ Չօպանեան։
Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Փարիզ 9-րդի թաղապետ Տելֆին Պիւրքլի, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, «Արշակ Չօպանեան» հիմնարկի նախագահ Վարուժան Սրապեան։ Ներկայ էին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Հանրի Գիւնի, Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամ, Յիշատակի եւ նախկին ռազմիկներու պատուիրակ Ալեքսի Կէօվճեան, ֆրանսահայ մտաւորական Գլօտ-Արմէն Մութաֆեան, Ֆրանսայի մէջ հայկական յուշարձաններ եւ հետքեր պեղող եւ անոնց նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու եւ հատորներու հեղինակ Հրանդ Նորշէն, հայ համայնքի կարգ մը միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Դեսպան Խաչատրեան երախտագիտութիւն յայտնեց հայազգի մտաւորականի յիշատակի յաւերժացման ուղղուած նախաձեռնութեան համար, որ նաեւ խորհրդանիշ մըն է ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան: Ան ընդգծեց, թէ Փարիզի 9-րդ պատմական թաղը իր կենսունակութեամբ 1920-ական թուականներէն ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ մտաւորական նոր սերունդի կազմաւորման մէջ, որոնց շարքին եղած է Արշակ Չօպանեան։
Տիկին Տելֆին Պիւրքլի Չօպանեանը սահմանեց իբրեւ Հայասիրական շարժումի նախաձեռնողն ու հիմնական սիւնը։ “Հայաստանի անխոնջ բանբերը ըլլալով Չօպանեան յաջողած է արթնցնել խիղճերը եւ մեծ ներդրում ունենալ ժողովուրդներու մերձեցման եւ երկխօսութեան մէջ”,– ըսաւ ան։
Վարուժան Սրապեան յիշեցուց, թէ Չօպանեան խորապէս կապուած էր ֆրանսերէն լեզուին եւ մշակոյթին: Արդէն 1896-ին, ան հանրութիւնը զգուշացուցած էր հայոց կոտորածներուն մասին՝ գիրքի մը մէջ, որուն նախաբանը գրած էր Անաթոլ Ֆրանս:
Ելոյթներու աւարտին քօղազերծուեցաւ յուշատախտակը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։