Արտասանական մրցոյթին մասնակիցները
Մաշտոց հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութեանս կազմակեր-պած Միջվարժարնային արտասանական մրցոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 25-ին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ ։
Հակառակ անոր որ օրը Կիրակի էր եւ կը զուգադիպէր Մայրերու տօնին՝ ծնողներէ, հին եւ նոր ուսուցիչներէ ու ասմունքի սիրահարներէ բաղկացած կոկիկ բազմութիւն մը փութացած էր ներկայ ըլլալու հայ բանաստեղծութեան նուիրուած այս ձեռնարկին:
Մաշտոց միութեան անունով հանդիսութեան բացումը կատարեց Միութեան նախագահ դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, որ յիշեցուց թէ այս հանդիսութիւնը նուիրուած է պոլսահայ մեծ եւ յեղաշրջական բանաստեղծ Զահրատի, բուն անունով Զարեհ Եալտզճեանի ծննդեան 100-ամեակին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, ի մասնաւորի Հոգեշնորհ Ժիրայր վրդ. Թաշճեանին, որ իր ներկայութեամբ վերահասատատած էր Եկեղեցի-Դպրոց դարաւոր կապը: Այնուհետեւ, հակիրճ կերպով ներկայացուց բանաստեղծ Զահրատը, ըսելով.-
“Գիտենք թէ Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը մինչեւ 1915, Մեծարենցով, Վարուժանով, Սիամանթոյով, Թէքէեանով իր բարձունքին հասած էր: Սակայն 1915-ին, մեր բոլոր մեծերը զոհ գացին ցեղասպանութեան: Պոլսոյ գրական կեանքը վերջ գտած էր: Հոն մնացող մի քանի երկրորդական գրողներ, պարբերաբար կ՚արտադրէին անձնակեդրոն եւ զգացական, տկար գրուածքներ, որոնք չէին խօսեր ժողովուրդի մտքին եւ հոգիին: Դարը փոխուած էր: 1940-ական թուականներու վերջաւորութեան, մէջտեղ եկան երիտասարդ գրողներ, որոնք «գրական յեղափոխութիւն» մը կ՚ուզէին իրականացնել: Կ՚ուզէին որ ‘«Նոր բանաստեղծութիւն»-ը չըլլայ զգացական, ո՛չ թէ բանաստեղծին անձնական յուզումները հոգեկան ապրումները արտայայտէ, այլ ըլլայ առարկայական եւ ցոլացնէ ժողովուրդին ամէնօրեայ կեանքի պատկերը, պատկերէ ցաւերը եւ գրուած ըլլայ շատ պարզ, խօսակցական լեզուով մը եւ ազատ չափով : Այսպէս, 1920-1950 թուականներուն, երիտասարդ գրողները յետեղեռնեան պոլսահայ համայնքը քայքայող աղքատութեան, ճնշուածութեան եւ տառապանքի վիճակը նիւթ դարձուցին նոր բանաստեղծութեան, որուն մէջ սակայն արուեստը կը բացակայէր: Նախ եւ առաջ իրենց հայերէնը շատ տկար էր: Այսպէս շարունակուեցաւ, մինչեւ որ Զահրատ, 1950-ականներու վերջաւորութեան, խորքի եւ ձեւի նորարարութեամբ հիմնական յեղաշրջում մը յառաջ բերաւ հայ բանաստեղծութեան մէջ, զայն առաջնորդելով դէպի իրապաշտութիւն եւ նոյնիսկ գերիրապաշտութիւն: Արդարեւ, Զահրատի շնորհիւ է որ գերիրապաշտութիւնը (surréalisme) մտաւ հայ բանաստեղծութենէն ներս, եւ իր ազդեցութիւնը տարածեց Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան: Զահրատի գործերը թարգմանուած են 22 լեզուներու , մտած են դասագիրքերէ եւ հանրագիտարաններէ ներս”:
Տիկ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝“Հիմա, Զահրատի գործերէն նմուշներ պիտի հրամցնեն մեզի հայ նորահաս սերունդի ներկայացուիչները, ապացուցելով այդպէսով, թէ իրենք տէր են եւ տէր կը կանգնին հայ լեզուին ու մշակոյթին”:
Մրցոյթին մասնակցեցան 23 աշակերտներ, հետեւեալ դպրոցներէն.- Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարան, Թարգմանչաց-Համազգային վարժարան, Կապոյտ Խաչի Արնուվիլի Աստղիկ մասնաճիւղի միօրեայ վարժարան եւ Մկնիկ աշխատանոց: Մրցոյթը տեղի կ՚ունենար երկու մակարդակով՝ 9-12 տարեկաններ եւ 13-20 տարեկաններ:
Բոլոր մասնակիցներու համար առաջին կտորը պարտադրաբար Զահրատի գործերէն պիտի ըլլար, իսկ երկրորդ կտորը՝ այլ հեղինակներէ:
Դատակազմի անդամներն էին՝ Վարդուհի Կիւզէլպոտուր, Նորա Պարութճեան, ԱրտաշէսՈսկանեան, Պերճ Մասլաք, Արմինէ Գէորգեան։
ՄՐՑՈՅԹԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Փոքրերու խումբ.-
Դատակազմը անսպասելի երեւոյթի մը առջեւ գտնուեցաւ, երբ եօթը տարեկան երեխայ մը ներկայացաւ որպէս մրցորդ: Դատակազմը որոշեց թոյլատրել անոր մասնակցութիւնը, որպէսզի հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ երեխային թափը չկասի: Եւ այդ փոքրիկը հրաշալի արտասանեց Զահրատի «Մայմուն»-ը եւ Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան»-ը, հմայելով ու կախարդելով բոլոր ունկնդիրները, որոնք իրենց ոգեւորութիւնը կը յայտնէին անվերջ ծափերով։ Այսպէս, փոքրիկն Մարութ Փափազեան ստացաւ «Դատակազմի բացառիկ մրցանակ»-ը:
Մնացեալ մրցորդներէն՝
Առաջին մրցանակը ստացաւ Վահէ Աղասարեան՝ Մկնիկ աշխատանոցէն։
Բ. մրցանակը ստացաւ Լիլիթ Յարութիւնեան՝ Թարգմանչաց-Համազգային վարժարանէն։
Գ. մրցանակը ստացաւ Ընծայ Մուրատեան՝ Թարգմանչաց-Համազգային վարժարանէն:
Իսկ մեծերու խումբէն՝
Առաջին հանդիսացաւ Ալիք Ճումպուշեան ՝ անձնական մասնակցութեամբ։
Երկրորդ հանդիսացաւԿարինէ Յարութիւնեան՝ Մկնիկ աշխատանոցէն։
Երրորդ հանդիսացաւ Դաւիթ Մարկոսեան՝ Դպրոցասէր վարժարանէն:
Բոլոր մրցորդները իրենց վկայագրերը եւ պարգեւները ստացան, նկարուեցան եւ ուրախ բաժնուեցան սրահէն, գալ տարի դարձեալ ներկայանալու խոստումով:
Մաշտոց միութեանս վարչութիւնը գոհ է որ պսակաձեւ ժահրի պատճառով փարիզահայ գրական հրապարակի վրայ ստեղծուած հնգամեայ ընդհանուր լռութենէն յետոյ կարելի եղաւ խանդավառուիլ, յուսադրուելով մեր անուշիկ երեխաներու եւ երիտասարդներու համարձակ եւ ինքնավստահ ելոյթներով:
Շնորհակալութի՛ւն՝ բոլոր ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, իրենց ջանքերուն համար:
Վարչութիւն
Մաշտոց հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութեան
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։