Յունիս 23-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Լօռան Վոքիէի հետ։
Դեսպանը բարձր գնահատեց Վոքիէի շարունակական ջանքերը՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան եւ երկու երկիրներու առանձնայատուկ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման գծով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութեան վերաբերող հարցեր, անդրադառնալով նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։