Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. Ծխական խորհուրդի ընտրութեան անկանոնութիւններուն մասին

Մեր վերջին խմբագրականին մէջ (թիւ 1685, Յունուար 6, Ա. էջ) հակիրճ կերպով ակնարկած էինք շրջող նամակի մը, որ մատնացոյց կ՚ընէ Փարիզի ծխական վերջին ընտրութիւններուն անկանոնութիւններն ու արդիւնքներուն անվաւեր բնոյթը։

Ներկայ տողերով պիտի փորձենք քիչ մը աւելի լայնօրէն անդրադառնալ երեւոյթին։

Խնդրոյ առարկայ նամակին մէջ,– որ կը կրէ արժանահաւատ, յարգուած ու երկար տարիներ եկեղեցւոյ անձնուիրաբար ծառայած անձնաւորութեան մը ստորագրութիւնը,– ի սկզբանէ կը նշուի, որ Փարիզի ծուխը ներկայիս «ապօրինաբար» կը վարէ «չընտրուած խումբ մը, որ ըստ տեղեկութեանց՝ նահանգապետարանին ինքզինք յայտարարած է որպէս 2021 Դեկտեմբեր 5-ի ընթացիկ ընդհանուր ժողովին ընտրուած՝ ծխական խորհուրդ, եւ որպէս այդ ստացած է Առաջնորդական տեղապահին ու Ծուխին հոգեւոր հովիւին հաւանութիւնն ալ»։

Այնուհետեւ, նամակին հեղինակը կը թուէ Ծուխի կանոնադրութեան ակնյայտ խախտումներ։

Նախ կ՚ըսէ, թէ ընտրութեան ատենագրութիւնը ժողովի ընթացքին չէ ստորագրուած նիստի նախագահին եւ Ծուխին հոգեւոր հովիւին կողմէ։ Ապա, անհրաժեշտ էր նուազագոյն 7 անդամներու ընտրութիւնը, մինչ ընտրուած է միայն վեց հոգի, անդամներու առաւելագոյն թիւը ըլլալով՝ 15։ «Նուազագոյն 7-ի պայմանը գոյացած չըլլալով՝ ընտրութիւնը հետեւաբար անվաւեր է եւ հարկ է կատարել նոր ընտրութիւն»,– կ՚ըսուի նամակին մէջ, ուր նաեւ կը նշուի թէ միայն այս երկու անկանոնոնութիւնները ինքնին բաւարար են ընտրութիւնը չեղեալ համարելու համար։ Ապա նաեւ կը պնդուի, թէ խնդրոյ առարկայ «չընտրուած խումբ»-ին անդամները լաւապէս տեղեակ ու տեղեկացուած ըլլալով հանդերձ այս կէտերուն մասին, յամառած են իրենց ապօրինի քայլերուն մէջ։ Անոնք անդամներու անբաւարար թիւը օրինականի սահմանին հասցնելով՝ նահանգապետարան յայտարարել կարենալու համար իրենց խումբը, ընտրեալներու ցանկին կցած են երեք անուններ եւս, որոնք մինչդեռ չեն ստացած մեծամասնութեան քուէները։

Նամակին հեղինակը այնուհետեւ կ՚ըսէ, թէ այս ինը հոգինոց խումբը կը կազմէ «կեղծ ծխական խորհուրդ մը», որու անդամները մեղսակից են պետական վարչութեան կեղծ յայտարարութիւն ընելու յանցանքով։

Նամակագիրը կ՚աւելցնէ նաեւ որ՝ ինք բազմաթիւ անգամներ զեղծարարներու նկատմամբ զգուշացուցած է առաջնորդական տեղապահը, բայց՝ ապարդիւն։

«Եթէ Թեմական խորհուրդը եւ Թեմական պատգամաւորներու ժողովը իրենց նախագահներուն նախաձեռնութեամբ,– որոնք ելգիրով փոխանակումներուն մեծ մասին իրազեկ եղան (քանի որ անթիւ, անհամար ելգիրեր կը փոխանակուին Նիսի, Թեմական խորհուրդի եւ Փարիզի ծուխի խնդիրներուն մասին – «ՆՅ»), անմիջապէս չսկսին հետաքննութիւն այս իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ որեւէ նախաձեռնութեան չդիմեն,– ինչպէս եղաւ Նիսի պարագային,– եզրակացութիւնը այն պիտի ըլլայ, որ մեր թեմը իրե՛նց մեղքով կը դառնայ անօրինականութեան միջավայր մը…

Յարգելի բարեկամներ, մենք կ՚ապրինք մղձաւանջ մը, որմէ պէտք է սթափիլ, մա՛նաւանդ որ այս գործին մէջ ներգրաւուած երկու կրօնականները կարեւոր դեր ունին առաջնորդի յառաջիկայ ընտրութեան մէջ…

Ձմեռ մուտք գործեցինք… զառիվայրը հետզհետէ աւելի սայթաքուն կը դառնայ…»,– տողերով վերջ կը գտնէ նամակը։ ■