Գարեգին Հրաչեան (կեդրոնը), կողքին՝ քիչ մը ետին՝ եղբայրը Յարութիւն, Բ. աշխարհամարտի նախօրեակին։ Միւս երկուքը (երկու ծայրերուն) աշխատաւորներ են
Շուրջ հարիւր հիւրերու եւ բարեկամներու ներկայութեան, Երկուշաբթի, Յունիս 30-ին, Փարիզ 9-րդի թաղապետարանի պատուոյ սրահին մէջ նշուեցաւ 1925-ին հիմնադրուած «Հրաչեան-եղբայրներ» արեւելեան սննդամթերքներու նպարատան հարիւրամեակը։ Թաղապետուհի տիկին Տելֆին Պիւրքլի, ինչպէս նաեւ անոր կցորդը՝ Ալեքսի Կէօվճեան մաս կը կազմէին օրուան հիւրերուն։
Հրայր Հրաչեան (աջին)՝ Տելֆին Պիւրքլիի եւ Ալեքսի Կէօվճեանի հետ
Լուսանկարը՝ 9−րդի թաղապետարանի
Միջոցառման կազմակերպիչ Մելեթիոս Սիմիոյի բարի գալստեան կարճ ելոյթէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Հրայր Հրաչեանին՝ հաստատութեան հիմնադիրի որդիին։ Ան հպարտութեամբ, բայց նաեւ որոշ յուզումով մեծարեց յիշատակը իր հօր՝ Գարեգին Հրաչեանի եւ իր մեծ հօր՝ Ասատուրի, որ իրականութեան մէջ այս ձեռնարկութեան բուն ծնունդ տուողն է։
Հրայր Հրաչեան պատմեց. «Գարեգին ծնած էր 1905-ին Վան, պատմական Հայաստանի սրտին մէջ։ 1911-էն կանխազգալով վերահաս փոթորիկը, ընտանիքը կը գաղթէ Ռուսաստանի Կրասնոտար քաղաքը, ուր իմ հայրս կը հետեւի իր ուսման։ 1915-ի աշնան, հակառակ հայերու հերոսական դիմադրութեան թրքական կանոնաւոր զօրքերուն դէմ, պաշտպանիչ վահան ապահովելու ռուսական խոստումի դրժումին հետեւանքով՝ Վանի ամբողջ հայ բնակչութիւնը, այսինքն 70.000 հոգի, կը պարտաւորուի գաղթելու եւ փախչելու դէպի Ռուսական Հայաստան եւ Ռուսաստան։
Այնուհետեւ, իմ հօր ընտանիքը որ փոխադրուած էր Քիշինեւ (Մոլտավիոյ մայրաքաղաք), շուտով կը նետուի առեւտրական ասպարէզ, հոն բանալով ճերմակեղէնի ու գուլպայի վաճառատուն մը։ Բայց քաղաքական եւ տնտեսական յատկապէս աղէտալի իրավիճակին պատճառով, ընտանիքը դարձեալ կը պարտաւորուի գաղթելու ու Փարիզը կ՚ըլլայ անոր նոր ուղղութիւնը։ Հոն է որ իմ մեծ հայրս ու հայրս 1925-ին կը հիմնեն արեւելեան արտադրութիւններու Հրաչեան նպարատունը։
Նպարատունը՝ այսօր
Երբ 1936 Յունուար 1-ին իմ մեծ հայրը՝ Ասատուր յանկարծամահ կ՚ըլլայ 52 տարեկանին, հայրս կը պարտաւորուի դիմելու իր պատանի եղբօր՝ Յարութիւնին,– որ այդ ատեն 16 տարեկան էր եւ Սեւրի հայկական գոլէճի աշակերտ,– որպէսզի օգնէ իրեն։ Այսպէսով, ծանր աշխատանքի գնով եւ պատերազմի դժուար տարիներէն ետք, խանութը կը բարգաւաճի 1950-ական թուականներուն։ Բազմաթիւ արուեստագէտներ, ի շարս որոնց՝ Ազնաւուր եւ իր ընտանիքը, Կի Պէառ, Սերժ Կենզպուռ, Սիլվի Վարդան եւ Ճոնի Հալիտէ, կամ նաեւ Նիքոս Ալիակաս, կը դառնան նպարատան մնայուն յաճախորդները։
1977-ին, հայրս փափաքեցաւ հանգստեան կոչուիլ ու դիմեց պարոն Ժորժ Քուրունիսին եւ անոր կնոջ՝ Քալոթինային, որ շարունակեն պահպանել խանութը։ Այսպէս, մինչեւ այսօր ալ, տիկին Քուրունիս՝ այրիացած, կը ղեկավարէ Հրաչեան նպարատունը, որ այժմ կը կոչուի “Վանայ լիճին” (“Au Lac de Van”)՝ ի պատիւ ու ի յիշատակ Հրաչեան ընտանիքի կորուսեալ հայրենիքին»։
Նոյնիսկ բանաստեղծութիւն մը նուիրուած է նպարատան
Հրայր Հրաչեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալական արտայայտութիւններով ուղղուած տէր եւ տիկին Քուրունիսին, որոնք յաջողեցան պահպանել հաստատութեան ոգին ու կերպարը մինչեւ օրս, մինչեւ այս յիշարժան հարիւրամեակի օրը, ինչպէս նաեւ՝ Սեզարին, որ 50 տարիէ աւելի է, որ այս հաստատութեան խորհրդանիշն է։
Այնուհետեւ, ներկաները հրաւիրուեցան յունա-հայկական նուագախումբի երաժշտութեան ուղեկցութեամբ՝ համտեսելու հայկական եւ յունական ճաշատեսակներ, որոնք պատրաստուած էին նպարատան խոհանոցի անձնակազմին կողմէ. պահը միաժամանակ առիթ հանդիսացաւ վերակենդանացնելու յիշատակներ, որոնք կ՚առնչուէին փարիզահայ համայնքի այս խորհրդանշական հաստատութեան, որ ծանօթ է իր հռչակաւոր կարգախօսով՝ «Հրաչեանի յաճախորդները աւելի երկար կ՚ապրին»։
Եւ Հրայր Հրաչեան շաղկապելով եզրափակեց՝ «Իրօք, իմ մայրը, Հրաչեան նպարատան հաւատարիմ յաճախորդ, այսօր 100 տարեկան է»։
Թ.Շ. ■
————
Maison Heratchian Frères / Au Lac de Van
6 rue Lamartine 75009 Paris
Métro Cadet
Tél. 01 48 78 43 19
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։