Ապրիլ 8-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան դեսպանութեան երդիքին տակ հիւրընկալած է Միջազգային յարաբերութիւններու եւ աշխարհաքաղաքականութեան հիմնարկին անդամակցող խումբ մը ուսանողներ՝ Փարիզի քաղաքական գիտութիւններու համալսարանի (Sciences Po) դասախօս Քեւան Կաֆայիթիի գլխաւորութեամբ։ Վերջինս սոյն հիմնարկին հիմնադիր-նախագահն է։
Ողջունելով հիւրերը եւ ընդգծելով ապագայ միջազգայնագէտներու եւ քաղաքագէտներու կողմէ Հայաստանի շուրջ կատարուող զարգացումներու մասին համապարփակ պատկերացում կազմելու կարեւորութիւնը՝ դեսպանը տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան շրջածիրէն ներս ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները եւ կայունութեան ու խաղաղութեան միտող Հայաստանի կառավարութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը։
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի դեսպանը պատասխանած է ուսանողները հետաքրքրող հարցումներուն՝ անդրադառնալով նաեւ շարք մը այլ ուղղութիւններով Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։