Մարտ 1-ին, Ֆրանսահայ մշակութային միութեան (UCFAF) նախաձեռնութեամբ Ծերակոյտի երդիքին տակ կայացաւ համաժողով մը՝ նուիրուած «Դիմադրութեան» շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ կնոջ՝ Մելինէի Պանթէոն մուտքի առաջին տարեդարձին, «Կարմիր որմազդ»-ի հերոսներու սխրագործութեան, ինչպէս նաեւ՝ Մանուշեան ամոլին օրինակով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական կապերուն եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն։
Համաժողովը ծայր առաւ բեմադիր Խորխէ Ամաթի եւ պատմաբան Տընի Փեշանսքիի հեղինակած «La traque de l’affiche Rouge» փաստագրական ֆիլմի ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեցին երեք առանձին քննարկումներ, զորս վարեց UCFAF-ի նախագահ Էտմոն Եանըքեան։
Միսաք Մանուշեանի եւ «Կարմիր որմազդ»-ի անոր զինակից ընկերներու պատմութեան, Միսաք Մանուշեանի՝ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ըլլալու հանգամանքին եւ Ֆրանսայի ազատագրութեան համար անոր հետագայ հերոսական պայքարին միջեւ կապի մասին առաջին քննարկման ընթացքին խօսք առին պատմաբան, «Մանուշեան» գիրքի համահեղինակ Տընի Փեշանսքի, «Դիմադրութեան» շարժումի մասնակից եւ Միսաք Մանուշեանի խումբի հրամանատար Ժոզեֆ Էփշթայնի որդին՝ Ժորժ Էփշթայն եւ ֆրանսացի հայագէտ Ժան-Փիէր Մահէ։
Երկրորդ քննարկումին «Դիմադրութեան» շարժումի մասնակիցներու, յատկապէս Մանուշեանի խումբի անդամներուն հերոսութեան, յիշողութեան պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութեան եւ այս ուղղութեամբ առկայ մարտահրաւէրներու մասին արտայայտուեցան պատմաբան Իվ Պլոնտօ, JAF-ի քարտուղար Օլիվիա Կիրակոսեան եւ «Մանուշեան․ կանաչ որմազդ» կազմակերպութեան համանախագահ Փաթրիս Կարօ։
Իսկ երրորդ քննարկումին խօսք առին Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս եւ ծերակուտական Ռեմի Ֆեռօ։
Դեսպան Խաչատրեան բարձր գնահատեց ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ու յարաբերութիւններու հաստատման աշխատանքներուն մէջ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի նման հայորդիներու դերակատարութիւնը։
Համաժողովին ներկայ էին նաեւ Ծերակոյտի անդամներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական եւ հանրային գործիչներ, պատմաբաններ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։