Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – «Յաջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի» բնաբանով համաժողով

Ծերակոյտի մէջ «Յաջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի» բնաբանով համաժողով՝

Ֆրանսացի մտաւորականներու եւ խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ

Ֆրանսայի Ծերակոյտի յարկին տակ, Մարտ 16-ին տեղի ունեցաւ «Յաջակցութիւն Հայաստանի և Արցախի» բնաբանով բացառիկ համաժողովը՝ ֆրանսացի նշանաւոր մտաւորականներու եւ խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ: 

Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի նախագահներ Ժերար Լառշէի և Եաէլ Պրաուն-Փիվէի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան Ծերակոյտի՝ Արցախի վերաբերեալ միջազգային իրազեկման խումբի նախագահ, «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Ռըթայօ եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Առանց սահմանի բժիշկներ» եւ «Աշխարհի բժիշկներ» կազմակերպութիւններու հիմնադիր Պերնար Քուշներ։ 

Համաժողովի բանախօսներու կարգին էին հանրայայտ գրող, փիլիսոփայ եւ ճանապարհորդ Սիլվէն Թեսոն, Ֆրանսական ակադեմիայի անդամ Էրիք Օրսեննա, գրող, ռազմական լրագրող, մարդկային իրաւանց հարցերու Ֆրանսայի նախկին դեսպան Օլիվիէ Վեպեր, գրող, փիլիսոփայ Փասքալ Պրիւքներ, «Le Point»-ի խմբագիր, արձակագիր Վալերի Թորանեան, գրողներ՝ Պլանշ տը Ռիշմոն, Էմանիւէլ Ռիւպէն եւ Մարինա Տէտէեան, շարժանկարի աշխարհահռչակ բեմադիր Գոսթա Կավրաս։

Ֆրանսացի մտաւորականները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին Ազերպայճանի կողմէ շարունակաբար եւ անթաքոյց կերպով վարուող հայատեաց եւ ցեղային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ՝ ահազանգ հնչեցնելով Արցախի ժողովուրդին առջև ծառացած գոյութենական ապառնալիքներու կապակցութեամբ, եւ կոչ ըրին միջազգային հանրութեան անյապաղ գործնական քայլերու ձեռնարկելու Արցախի՝ արդէն գրեթէ 100 օրէ ի վեր տեւող շրջափակումը վերացնելու եւ Արցախահայութեան՝ իր հայրենի հողին վրայ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորելու համար։ 

Համաժողովը ամփոփող ելոյթներով հանդէս եկան Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբերու նախագահներ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ եւ Անն-Լոռանս Փեթէլ, Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ 

Համաժողովին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան,  Ազգային ժողովի երեսփոխաններ եւ Ծերակոյտի անդամներ, տարածքային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարներ, Ֆրանսայի մշակութային եւ հանրային գործիչներ, բազմաթիւ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։