ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ. ԱՄՆ-ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՐԱՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ |
«Նոր Յառաջ» – Նախաձեռնած էք ԱՄՆ-ու Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի՝ հայերէնի ուսուցման համակարգի հիմնովին վերանայման, վերանորոգման գործին. յանդուգն նախաձեռնութիւն մը։ Ինչպէ՞ս ձեր մէջ ծնունդ առաւ գաղափարը։
Մարի Կիւլիւմեան – Նկատի պէտք է առնենք այն երեք հսկայ բացերը, որոնք հայերէնն ու հայերէնախօսութիւնը ամերիկահայ գաղութէն ներս այսօրուան պատկերին հասցուցած են.
ա. Աւագ սերունդի, հայախօս մեծ հայրերու ու մայրերու գրեթէ չգոյութիւնը տուներէն ներս, որոնք լեզուն մատղաշ սերունդին գլխաւոր փոխանցողներն էին,
բ. Նորագոյն պայմաններուն յարմարող դասագիրքերու, ձեռնարկներու չգոյութիւնը, եւ ունենալու պարագային ալ անոնց վերամշակման շատ ուշացումը ու երբեմն ալ անգոյութիւնը,
գ. Ուսուցիչներու պատրաստութեան ընդհանրապէս եւ վերապատրաստութեան յատկապէս բացակայութիւնը։ Մինչ աշխարհով մէկ այսօր ու գրեթէ ամէն մարզէ ներս վերապատրաստական ծրագրեր կը տրամադրուին։
Ահա այսպէս յանդգնութիւնը երբեմն ալ կու գայ կարիքի մեծութենէն, եթէ համաձայն էք։ Այդ յանդգնութիւնն ալ իր ամուր յենարանը ունէր յանձին Ուսումնական խորհուրդիս նախագահ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, որ առաջին մեծ նեցուկը եղաւ այս պաշտօնս ստանձնելէ ետք։
«Նոր Յառաջ» – Ինչպէ՞ս անդրադարձաք թէ այսպիսի ծրագիր մը կարելի է մշակել։
Մ.Կ.- Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ուսուցիչներու համար տարբեր մարմիններ յաճախ ձեռնարկած են միօրեայ կամ երկօրեայ դասախօսական շարքերու, աշխատանոցներու։ Անոնց միշտ ալ չեն կրցած հետեւիլ անխտիր բոլոր ուսուցիչները՝ պարզօրէն։ Կեանքի պայմաններն ու հեռաւորութիւնները կը խոչընդոտեն այդ ցանկութիւնը։ Ուսումնական խորհուրդներն ու պատասխանատուները չեն կրնար ներկայութիւնը պարտադիր դարձնել զանազան պատճառներով։
Այս բոլորով մէկտեղ մտահոգ պատասխանատուներու յարատեւ առկայութիւնը յոյսի նշոյլ էր, որուն պէտք էր ապաւինիլ։
Այցելելով կարգ մը դպրոցներ, հաշուեյարդար մը ընելով ուսուցիչներու վիճակին, բացայայտ էր, որ միօրեայ, կամ ընդհանրապէս քանի մը ժամանի ուսուցիչներ համախմբող դասախօսական-աշխատանոցային հաւաքէն շատ աւելի մեծ էր կարիքը։ Իսկ խորհելով որ, եթէ երկարաշունչ ու ողնաշար ունեցող ձեռնարկ մը ըլլար, ու հոնկէ տարին գուցէ քանի մը ուսուցիչներ պատրաստուած դուրս գային, տարիներ ետք այդ պիտի վերածուէր փաղանգի մը։
Միւս կողմէ, առցանց ձեռնարկներ կազմակերպելու համար skype-ի կողքին zoom-ը գլուխ առաւ ու տարածուեցաւ շատ արագ, որմէ մենք արդէն սկսած էինք օգտուիլ այլ ձեռնարկներու համար։
Սակայն այս բոլորէն աւելի գերակշռողը հաւատքն էր, որ պիտի կարենայինք հայթայթել պայմաններուն յարմար ու մտքերն ու հոգիները շոյող ծրագիր մը. ահա այդ էր նաեւ մեր միւս խթանը։
«ՆՅ» – Արեւելեան թեմի ուսումնական խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ քանի՞ դպրոց կամ դասընթացք կը ղեկավարէ։ Նաեւ՝ ո՞ր տարիքի աշակերտներ կը յաճախեն հայկական վարժարանները։
Մ.Կ.- Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդը որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, կը հովանաւորէ տասնչորս միօրեայ դպրոցներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գտնուի տարբեր նահանգի մէջ եւ մէկ ամէնօրեայ՝ Ս. Ստեփանոս վարժարանը, Մասաչուսեցի մէջ։
Աշակերտներու տարիքները կը տարբերին դպրոցէ դպրոց. հազուադէպ է, որ սկսին երկու տարեկանէն ու հասնին տասնութի, ինչպէս է պարագան կրկին Մեսեչուսեցի Ս. Ստեփանոս վարժարանին։
Անկէ անդին, Ուսումնական խորհուրդի տնօրինութեամբ գոյութիւն ունի Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր նահանգներու պատանիները համախմբող «Սիամանթօ լսարան»-ը, որ երկրորդ տարին ըլլալով առցանց կ՚իրականացնէ իր շաբաթական հանդիպումները, պարզապէս հնարաւորութիւն ստեղծելով, որ Ուսումնական խորհուրդիս հովանաւորած տարբեր նահանգներու պատանիներն ալ միանան. այլապէս ան սահմանափակուած էր Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի աշակերտներուն համար։
«ՆՅ» – Ձեր կազմակերպած սեմինարներու ձեւով միասնական աշխատանքը ինչպէ՞ս ընթացաւ։ Քանի՞ հոգի մասնակցեցան եւ ի՞նչ պարբերականութեամբ։
Մ.Կ.- Սկիզբը յիշուած մտահոգութիւններէն ելլելով՝ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր մըն էր՝ ներկայացուած Ուսումնական խորհուրդին, որ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ։
17 հոգի մասնակցեցաւ 29 Օգոստոս 2020-էն 29 Մայիս 2021, երկշաբաթեայ հանդիպումներով, որոնք տեղի կ՚ունենային Շաբաթ օրերը կէսօրէն ետք։ Տնօրէն եւ ուսուցիչներ իրենց շաբաթօրեայ դպրոցի երկար ժամերէն յետոյ, կը նստէին Զումի ետին ու հաճոյքով-ժպիտով իրենց ծարաւը կը յագեցնէին։ Փաստօրէն տեղ մը հասած էր, որ վերջին քանի մը ամիսներուն, հանդիպման նիւթը աւարտելէն ետք, իրենց տեղէն չէին շարժեր ու անդադար հարցեր կու տային, յստակացումներ-լուծումներ կը ստանային ժամեր շարունակ։ Ունեցանք նոյնիսկ ոչ մէկ բացակայութիւն արձանագրող մասնակիցներ. անոնց մինչեւ Հայաստան ճամբորդութիւններն անգամ մասնակցութեան արգելք չհանդիսացան. անշուշտ նկատի ունիմ ժամերու հսկայ տարբերութիւնը։ Ահա այս պատճառով պէտք է ըսել, որ 50 ժամէն շատ աւելին կը հաշուեն անցեալ տարուան հանդիպումները։
«ՆՅ» – Այդ 50 ժամ ծրագիրը ինչպէ՞ս գործադրուեցաւ։ Որո՞նք էին դասախօսական ու կիրառական բաժնին մասնակիցները։
Մ.Կ.- 2020-2021 տարեշրջանի ծրագրին հեղինակն ու գլխաւոր դասախօսը տիկին Անի Կարմիրեանն էր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին արեւմտահայերէնի զարգացման եւ կրթական ծրագրերու աւագ վարիչը։ Ձեռնարկը կը կոչուէր «Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիր»։ Յիսուն ժամերէն տասներկուքը գործնական աշխատանոցներ էին, զորս կը վարէին տիկին Կարմիրեանին համագործակցող երեք անձեր՝ Սեւանա Չագրեանը, Մարալ եւ Վահան Քերովբեանները: Իրենց ներդաշնակ եւ ձեռք-ձեռքի աշխատանքը ինքնին իւրայատուկ երեւոյթ մըն է։
«ՆՅ» – Նկատի ունենալով այս աշխատանքին արձանագրած յաջողութիւնը, ներկայիս նոր ծրագիր մը մշակուած է, որուն մեծ թիւով դիմողներ կան եւ Սփիւռքի չորս ծագերէն…։
Մ.Կ.- Կարելի է ըսել, որ երբ ծրագրին 50 ժամերը ամբողջացան, կարծէք ուսուցիչներուն մտքերուն մէջ «երկրաշարժ» մը տեղի ունեցած էր եւ կարծրատիպերը փշրուած էին։ Հոն կարելի չէր վերջացած համարել ու վկայականներ տրամադրելով մանր ուրախութիւն պարգեւել մարդոց։
Բացի անկէ, արդէն իսկ Ուսումնական խորհուրդին խանդավառութիւնը ունէինք երկամեայ կամ եռամեայ ծրագիր մը յաջողցնելու։ Հետեւաբար երբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը ստացանք, ծրագիրը նաեւ Սփիւռքին հրամցնելը անսակարկ նիւթ էր։
Այստեղ էր, որ իր ողջունելի ներդրումը ունեցաւ պրն Ռազմիկ Փանոսեան՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայ համայնքներու բաժանմունքի տնօրէնը։
«ՆՅ» – Ուրեմն, յաջորդին համար քանի՞ երկիրներէ դիմումներ ստացած էք։
Մ.Կ.- 2021-2022 տարեշրջանին համար տասը երկիրներէ եւ բազմաթիւ քաղաքներէ արդէն մասնակիցներ ունինք՝ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններէն, Գանատայէն, Թուրքիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլն։
«ՆՅ» – Նման ծրագիր մը յաջողցնել դիւրին գործ չէ։ Քաջալերելի ու շնորհաւորելի է նաեւ կազմակերպչական գետնի վրայ ձե՛ր աշխատանքը, ձե՛ր ներդրումը, որ ինքնին յաջողութեան երաշխիքներէն մէկն է։
Մ.Կ.- Շնորհակալութի՛ւն։ Իրականութեան մէջ քաջալերելի են բոլորը անխտիր՝ ե՛ւ կազմակերպող ե՛ւ մասնակցող։ Այստեղ ուրախ-յուզում մը կը խեղդէ կոկորդս՝ տեսնելով դիմումներու տարափը. որովհետեւ այդ կը նշանակէ թէ՝ հմտութեան ծարաւն ու կարիքին գիտակցութիւնը ունեցողներու թիւը հսկայ է արեւմտահայ սփիւռքին մէջ, անոնք որոնք մեր գալիք հայերէնախօս սերունդները մէջտեղ պիտի բերեն։ Հայերէնախօս սերունդ. անուն մը, որմէ ձեռք քաշած է սփիւռքի մեծամասնութիւնը։
«ՆՅ» – Այս ծրագրով աշակերտ-ուսուցիչները տնային աշխատանք ալ կ՚ունենա՞ն։
Մ.Կ.- Իրենց տնային աշխատանքը գլխաւորաբար իրենց պրպտումներն են ու դպրոցէն ներս մանուկներուն հետ իրենց վերաբերումին ու կատարածին շուրջ ինքնարժեւորումը, ստեղծելով կապը անցեալ եւ գալիք ուսուցչաց ծրագրի հանդիպումներուն միջեւ։
«ՆՅ» – Յամենայն դէպս հսկայական եւ ծանր ծրագիր մըն է, որովհետեւ դիւրին չէ մանկավարժական հարցերը, իւրաքանչիւր համայնքին իւրայատկութիւնները, տարբեր մակարդակները համադրելը, նիւթերը մտածումի առարկայ դարձնելը եւ այս ամէնը գործնականի վերածելը։
Մ.Կ.- Այստեղ մանրամասնութիւններ պէտք է տալ։
Տիկին Անի Կարմիրեանը, որ գլխաւորաբար մանկավարժական մեթոտ մը կ՚երաշխաւորէ, ինք արդէն բացի Փարիզի իր հիմնած «ՄԿՆԻԿ» միօրեայ աշխատանոցէն, 15 տարիներ Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանին մէջ կիրարկած է այդ ու կը շարունակէ կիրարկել։ Այդ մօտեցումը այնքան դիւրին կը յարմարի ամէն շրջանակի կարիքներուն, որ պարզապէս ճիշդ ձեւով օգտագործել գիտնալ է պէտք։ Անոր հիանալի փաստը այն է, որ այս տարի արձանագրուողներուն մէջ մեծ թիւ են անոնք, որոնք արդէն ծանօթ են այդ մօտեցման։
Մինչ մեթոտին յաջող ըլլալը մեզ գրաւած էր, սակայն անոր ետին գոյութիւն ունէր նաեւ պատրաստ ծրագիր մը, որուն քիչերը միայն ծանօթ են։
Բարեբախտաբար շուտով եւ կրկին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ, «Զնտուկ» հարուստ կայքէջի մը պատրաստութիւնը իր աւարտին հասած է, ուր հաւաքուած ու տեղադրուած է բացի բազմաթիւ դասագիրքերէ, ընթերցանութեան գիրքերէ, երգերէ ու խաղերէ, ցանկացողներուն համար՝ տիկին Անահիտ Սարգիսեանի «Ձեռք ձեռքի» մանկապարտէզի ծրագիրը։ Այս մէկը յաջողագոյն ձեռնարկն է արեւմտեան սփիւռքին համար յատկապէս, որովհետեւ ծնունդ առած է մեզի նման ոչ-հայախօս դարձած գաղութի մը մէջ եւ կրկին մեզի նման միօրեայ դպրոցի մը համար։ Ինչպէս նաեւ կայ տիկ. Անի Կարմիրեանի՝ վեց տարեկանէն վեր մանուկներու համար հեղինակած «Արեւ, Լուսին, Ժապաւէն» ծրագիրը։ Այս երկուքը մօտ երեսուն տարիներ անդադար պատրաստողներուն իսկ կողմէ գործածուելով վերանայուած են ու հասած այսօրուան վիճակին։ Առիթ մը, զոր մեր բոլոր դասագիրքերու հեղինակները կ՚երազեն ունենալ, սակայն միշտ ալ պիւտճէական պատճառներով դասագիրքը կը տպուի ու տարիներ շարունակ կը մնայ նոյն պատկերով աշակերտին ձեռքերուն մէջ։ Քանի-քանի դասագիրքի հեղինակներ ամէն տարի կը ցանկան, որ իրենց գործը վերանայելու եւ կրկին հրատարակելու առիթ տրուի, սակայն ի զուր։
Այս բոլոր հրամցուածները, գումարած՝ պատրաստուած ուսուցիչներու ճկուն աշխատանքին եւ յղացող մտքին, կը կարծենք որ գաղութներու պէտքերը մեծ մասամբ կը գոհացնեն ու կը նպաստեն մեր սերունդներու՝ հայերէնը՝ ոսկեղինիկը իւրացնելուն։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■