Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Շուրջ 300 Հայերու բողոքի ցոյցը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի

Դեկտեմբեր 27-ին, Էյֆէլեան աշտարակին դիմաց, Թրոքատերոյի բացատին վրայ շուրջ 300 Հայեր, ընդառաջելով «Union Franco-Arménienne» մշակութային միութեան կոչին՝ բողոքի ցոյց մը կատարած են ի պաշտպանութիւն Արցախի։ Այս ցոյցին նպատակն էր ուշադրութիւն հրաւիրել Ազերպայճանի անօրինական շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական տագնապին վրայ:

Մասնակիցները վանկարկած են տարբեր կարգախօսեր՝ դատապարտելով Ալիեւ-Էրտողան կործանարար դաշինքը, Եւրոպայի յանձնաժողովի նախագահուհի Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնի ազերպայճանամէտ կեցուածքը։ 

ՆՈՐ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Նշենք, որ «Union Franco-Arménienne» մշակութային միութիւնը Փարիզի Հայութիւնը կը հրաւիրէ նոր հանրահաւաքի մը, նոյն վայրը՝ Թրոքատերոյի բացատին վրայ, Կիրակի, Յունուար 1, ժամը 16.30-ին։