Ապրիլ 21-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շրջանակին մէջ, պատարագ մատուցուեցաւ Փարիզի Սեն-Սիւլփիս եկեղեցւոյ մէջ։ Հայկական ծիսակարգով պատարագը մատուցուեցաւ Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանի նախագահութեամբ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի, Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժոէլ Միքայէլեանի, Ֆրանսայի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Էմանիւէլ եպիսկ. Թուայի, ինչպէս նաեւ՝ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ:
Ոգեկոչման պատարագին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի հասարական եւ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ՝ ֆրանսահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներ, ֆրանսացի հարիւրաւոր հաւատացեալներ:
Աւելցնենք, որ այս արարողութիւնը նախապէս Նոթր-Տամի մէջ աւանդութիւն դարձածն է, որ աշխարհահռչակ տաճարի մեծ հրդեհէն ետք տեղափոխուած էր Սեն-Սիւլփիսի եկեղեցի եւ առայժմ հոն ալ կը յարատեւէ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։