Շաբաթ, Յունիս 21-ի առաւօտեան, Փէր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի շիրմաքարին նորոգութեան առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վարչապետին եւ կողքին հանգչող իր կնոջ՝ Քսենիա Խատիսեանի յիշատակին։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Ֆրանսայի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի եւ Արնուվիլի հոգեւոր հովիւ Մանուէլ քահանայ Յովհաննէսեանի։
Յակոբ Սազճեանի, Դրօ Էքմէքճեանի եւ Քրիսթոֆ Խատիսեանի (Ալեքսանդր Խատիսեանի թոռը) բարերարութեամբ վերանորոգուած շիրմաքարին առջեւ, որ այժմ կը կրէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եռագոյնով պատուած զինանշանը, համախմբուած էին ՀՅԴ-ի բազմաթիւ անդամներ եւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Շիրազ Յովակիմեան։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Ֆրանսա աքսորուած Ալեքսանդր Խատիսեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին ելոյթներով հանդէս եկան բարերարները, Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան եւ ՀՅԴ-ի անունով Հրաչ Վարժապետեան։
Քրիսթոֆ Խատիսեան
Անպաճոյճ եւ յուզիչ ոգեկոչման արարողութիւն մը՝ պետական մեծ գործիչին յիշատակին, որ իր ընկերներու եւ պաշտօնակիցներու կողքին, կը մարմնաւորէ Հայաստանի անկախութեան երազը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։