Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդի գահակալութեան արարողութիւնը բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեամբ

Չորեքշաբթի, Մայիս 25-ին, Փարիզի առաջնորդանիստ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Հոգեշնորհ Տէր Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանի գահակալութեան արարողութիւնը։ Սուրբ եւ անմահ պատարագին ներկայ էին արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, Կաթոլիկ եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ, քաղաքապետեր եւ փոխքաղաքապետեր, երեսփոխաններ, հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հիւրեր։ Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Գաւազանը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի՝ Հայր Գրիգորին փոխանցեց Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան, իսկ Վեհափառ հայրապետի նուիրած ձեռաց խաչը՝ Ռումանիոյ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան։

Այնուհետեւ առաջնորդ Հայր Սուրբը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ խօսելով իր առաջնորդութեան տեսլականին մասին, որուն մէջ ի մասնաւորի որպէս սրբազան պարտականութիւն ստանձնեց տքնաջան աշխատիլ Հայաստանի ու Արցախի համար։

Թեմի առաջնորդը կոչ ըրաւ սիրելու զիրար, դրսեւորելու միասնականութեան ոգի եւ կամք, որոնք Աստծոյ նկատմամբ հաւատքով կ՚առաջնորդեն նոր յաղթանակներու, նա՛մանաւանդ ապագայ սերունդի հայեցի դաստիրակութեան գործին մէջ։

Ֆրանսայի Հայոց Թեմի

Մամլոյ Դիւան ■