Կիրակի, Սեպտեմբեր 4-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի հինգերորդ փառատօնը, Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի Ժան-Կուժոն փողոցին մէջ։
Փարիզահայութեան կեանքին մէջ՝ տարիներու ընթացքին հետզհետէ իր տեղը գրաւած այս նախաձեռնութիւնը տարուէ-տարի իր տարածքով ալ կ՚ընդարձակուի, գրաւելով գրեթէ ամբողջ փողոցը։
Այս տարուան փառատօնին ներկայ էին տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող 28 տաղաւարներ, ուր կարելի էր գտնել՝ սկսելով գիրքերէն մինչեւ անուշահոտութիւն, նորաձեւութեան հագուստներ, մոմեր կամ հայ արհեստաւորներու ձեռագործ արտադրութիւններ, յուշանուէրներ, բայց նաեւ հայկական ուտեստեղէններու եւ հայկական գինիի տեսակներ, պաղպաղակ եւ այլն, եւ այլն։
Թեմէն եւ Փարիզի ծուխէն զատ, իրենց տաղաւարները ունէին նաեւ Ալֆորվիլի, Արնուվիլի եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի ծուխերը։ Տաղաւարներով ներկայ էին Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան կրթարանն ու Իսիի Համազգային վարժարանը եւս, որոնց աշակերտները երգով ու պարով ճոխացուցին մթնոլորտը։
Փառատօնին բացումը կատարեց եւ ներկաներուն բարիգալստեան իր խօսքը ուղղեց թեմակալ առաջնորդ Հ. Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, պատուանդանին վրայ իր կողքին ունենալով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանն ու Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։ Ներկայ էին նաեւ անակնկալ հիւրեր՝ Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Անահիտ Յակոբեանն ու Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեանը։ Նշենք նաեւ ներկայութիւնը ֆրանսացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, ինչպէս՝ մայրաքաղաքիս 8-րդի թաղապետ Ժանն տ՚Օթսեռի, 9-րդի թաղապետ Տելֆին Պիւրքլիի՝ իր կցորդին Ալեքսի Կէօվճեանի հետ, որ նաեւ Փարիզի քաղաքապետարանի խորհրդական է, Վալ տը Մառնի երեսփոխան Իզապէլ Սանթիակոյի, Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետի կցորդ՝ Արթիւր Խանճեանի, նոյնպէս՝ Փարիզի խորհրդական Անոյշ Թորանեանի, Ալֆորվիլի խորհրդական Սարօ Մարտիրեանի եւ ուրիշներու, որոնք անկասկած մեր ուշադրութենէն վրիպած են։
Մեծ էր ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը այս տարուան փառատօնին նկատմամբ, որ խուռներամ ներկայ էր սկիզբէն մինչեւ վերջ՝ ժամը 13-էն 19։
Օրուան յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ համերգ մը եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցեցան Աննա Կասեան (սոփրանօ), Մարի-Անժելիք Դուզեան (սոփրանօ), Մկրտիչ Մկրտչեան (պարիթոն), Արմէն Սամուէլեանի ջութակին եւ Անահիտ Դուզեանի դաշնակին ընկերակցութեամբ։
Այս փառատօնին տաղաւարով մը ներկայ էր նաեւ «Նոր Յառաջ», որ կ՚առաջարկէր արեւմտահայերէն գիրքերու բաւական հարուստ հաւաքածոյ մը։
Վարձքի նուազագոյն հատուցումը պիտի ըլլար յատկապէս յիշել անունը Ալպրիք Տէր Պօղոսեանի, որ գլխաւոր կազմակերպիչն էր ձեռնարկին եւ ո՛չ մէկ ջանք խնայեց, որ այս փառատօնը յաջողութեամբ պսակուի, բնականաբար իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ կից բազմաթիւ՝ երիտասարդական, տիկնանց կազմակերպութիւններ, որոնք եւս իրենց կարեւոր դերը ունեցան, ինչպէս վերը ըսինք՝ համայնքին մէջ հետզհետէ իր տեղը գրաւող տարեկան այս փառատօնին արձանագրած յաջողութեան մէջ։
«ՆՅ» ■