ՓԱՐԻԶ – Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական վեհաժողովը

Փետրուար 24-ին Փարիզի եւ Իլ-տը-Ֆրանսի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի համար յոյժ շահեկան Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական առաջին վեհաժողովը, մեծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեան։

Նշենք, թէ այս վեհաժողովը կարեւոր էր նաեւ այն հանգամանքով, որ կազմակերպուած էր  Փարիզի եւ Իլ-տը-Ֆրանսի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին եւ Ֆրանսայի Տնտեսութեան նախարարութեան միացեալ ջանքերով։

Այս առթիւ քաղաքս ժամանած էր Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի գլխաւորած հայրենի պատուիրակութիւնը։ 

Նախարար Քերոբեանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույոյի, Ֆրանսա-Հայաստան Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Տիգրան Առաքելեանի, Amundi ACBA-ի ընդհանուր տնօրէն Յովիկ Մազճեանի, Enterprise Armeniaի ընդհանուր տնօրէն Լեւոն Օհաննէսեանի եւ նեդրումներու ֆրանսական Bpifrance դրամատան Եւրոպայի պատասխանատու Ֆլոռան Պուշիածծոյի յաջորդական ելոյթներէն ետք տեղի ունեցան երկու կլոր սեղաններ, որոնք թոյլ տուին ներկաներուն գործունէութիւններ, արտադրութիւններ, գործակցութեան կարելիութիւններ ներկայացնել, միտքեր ու կարծիքներ փոխանակել, ու մա՛նաւանդ կապեր հաստատել։  

Այս կլոր սեղաններուն առանցքային բնագաւառները հանդիսացան բարձր արհեստագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ կայուն եւ կանաչ տնտեսութիւնը՝ վերականգնուող ուժանիւթ, թափօններու կառավարում, գիւղատնտեսութիւն ու զբօսաշրջութիւն։

Հուսկ, անկասկած այս անդրանիկ վեհաժողովի յաջողութեան ցուցիչ մը պէտք է համարել մեծ թիւով գործարարներու մասնակցութիւնը, որ յուսանք՝ Հայաստանի համար դրական արդիւնքներու պիտի յանգեցնէ։ Նշենք նաեւ՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ հայկական շրջանակներու համար այլեւս ծանօթ եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի, Հայաստանի մէջ արդէն գործող   ֆրանսական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու ներկայութիւնը։ 

Թ.Շ.