Երեքշաբթի, Յունուար 24-ի երեկոյեան, Ազգային ժողովին առջեւ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին՝ CCAF-ի կազմակերպած յաջորդական երրորդ հանրահաւաքը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի, որու կարգախօսն էր «Պիտի չթողենք Արցախը»։
Հակառակ խիստ ցուրտին, հանրահաւաքի կոչին ընդառաջած էին հարիւրաւոր Հայեր, Ֆրանսայի խորհրդարանի ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, բայց նաեւ ընտրեալներ, հանրածանօթ բազմաթիւ դէմքեր, որոնց նպատակն էր ցոյց տալ Արցախի ժողովուրդին, թէ առանձին չէ։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Ազերպայճանի պարտադրած շրջափակումով՝ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապալի վիճակը, մանրամասնութիւններ հաղորդեց նախագահ Մաքրոնի հետ, նախորդ օր, Արա Թորանեանի ընկերակցութեամբ ունեցած տեսակցութենէն։
Անոր յաջորդեց CCAF-ի միւս համանախագահ՝ Արա Թորանեանի ելոյթը։ Ան շեշտը դրաւ ամէն միջոցով Արցախի բնակչութեան պաշտպանութեան ի նպաստ գործելու հրամայականին վրայ, աւելցնելով, թէ լքել Արցախահայութիւնը համազօր պիտի ըլլայ Արցախի կորստեան, այնուհետեւ ալ՝ մեծ հաւանականութեամբ Հայաստանի կորստեան, ինչ որ Ազերպայճանի նպատակն է։
Թորանեանէն յետոյ յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Պուշ-տիւ-Ռոնի ծերակուտական Մարի-Առլէթ Գարլոթթի, Ռոն նահանգի երեսփոխան Սառա Թանզիլլի, Հիսիսային նահանգի ծերակուտական Փաթրիք Քաներ, Փարիզի երեսփոխան Սիլվէն Մայար, Վալ-տը-Մառնի երեսփոխան Միշէլ Հերպիյոն, Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամ, Պուշ-տիւ-Ռոնի երեսփոխանուհի Անն-Լոռանս Փեթէլ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի, Էսոնի երեսփոխան Ժերոմ Կեճ, Պուշ-տիւ-Ռոնի երեսփոխան Մոհամմէտ Լաքհիլա, Ասորիներու խորհուրդի համանախագահ Պրիւնօ Եաքան։ Անոնք, բոլորն ալ դատապարտեցին ազերպայճանական իշխանութիւններու անպարկեշտ ու անմարդկային վարքը, շեշտը դրին զանազան միջոցներով՝ անմիջականին մէջ Արցախի ժողովուրդին ենթարկուած վիճակը միջազգային հարթակներէն լսելի դարձնելու, բայց այնուհետեւ ալ՝ Արցախեան հարցը մնայուն ապահով հունի վրայ փոխադրելու, միջազգային հանրութեան՝ կրաւորական իր դիրքէն՝ գործի անցնելու մղելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Յաջորդ հանդիպումը՝ գալ շաբաթ, Երեքշաբթի, նո՛յն վայրը, նո՛յն ժամուն: