Փետրուարի վերջ տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսա-Հայաստան առաջին տնտեսական վեհաժողովը

 

Փետրուարի վերջ Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսա-Հայաստան առաջին տնտեսական վեհաժողովը, որուն պիտի մասնակցի Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ SIA միջազգային գիւղատնտեսական ցուցահանդէսին։ Պատուիրակութիւնը Ֆրանսա գործուղելու մասին որոշումը կայցուցած է վարչապետ Փաշինեան։