Խուան տէ Արոնա
Գրեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Օտար ջրերում հայացեալ Կղզի
Հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում…»
Յովհաննէս Շիրազ
Պայրընէն մինչեւ Փրուսթ, Ժորժ Սանտէն մինչեւ Թակոր, նշանաւոր ու ոչ-նշանաւոր գրողներու, արուեստագէտներու եւ պետական մարդոց երկար ցուցակ մը այցելած է Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզին։ Այդ ցանկին պէտք է աւելցնել ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին հեռաւոր Փերուէն եկած այցելու մը՝ բանաստեղծ եւ ապագայ դիւանագէտ Խուան տէ Արոնան։
Խուան տէ Արոնա (բուն անունով՝ Փետրօ Փաս Սոլտան ի Ունանուէ) ծնած է 1839-ին, Լիմա, յայտնի ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Սկզբնական կրթութիւն ստանալէ ետք, իր գիտելիքները խորացուցած է ինքնակրթութեամբ, ընդարձակ ընթերցումներով՝ մայրաքաղաքի աղմուկէն հեռու գտնուող ընտանեկան ագարակին մէջ։ 1859-1863-ին ճամբորդած է Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք, այցելելով Անգլիա, Ֆրանսա (երկու տարի ուսանած է Սորպոնի եւ Գոլէժ տը Ֆրանսի մէջ), Սպանիա, Իտալիա, Յունաստան, Եգիպտոս, Սուրիա եւ Պոլիս։ 1863-ին Փարիզի մէջ հրատարակած է (սպաներէն) իր առաջին բանաստեղծութիւններու հատորը՝ «Աւերակներ» խորագրով, իսկ նոյն տարին վերադարձած է իր հայրենիքը։
Արոնա իր եւրոպական քառամեայ ճամբորդութեան մասին հատոր մը գրած է՝ «Յուշեր փերուացի ճամբորդի մը», որմէ հատուածներ հրատարակած է մամուլին մէջ, բայց ամբողջութիւնը անտիպ մնացած է մինչեւ 1971։ Անցողակի յիշատակութիւններէ զատ, հայկական տեսանկիւնէ ամէնէն կարեւոր հատուածը Վենետիկ այցելութիւնն է, ուր մնացած է ութ օր (18-26 Հոկտեմբեր 1861)։ Այցելած է քաղաքի բոլոր տեսարժան վայրերը, ընդ որս նաեւ Ս. Ղազար։ Արոնա օգտագործած է Լորտ Պայրընի յայտնի դրուագին անդրադարձը Փերուի իր սերնդակից բանաստեղծներուն տգիտութիւնը պախարակելու համար։ Ահաւասիկ այդ հատուածը (ընդգծումները բնագրային են) (1).
«Հայոց Ս. Ղազարի կղզին, որ իր անունը կ՚առնէ հոն գտնուող հայկական վանքէն։ Այցելեցի գրադարանը եւ տպարանը, ուր բարի վանականները հայերէն եւ այլ արեւելեան լեզուներով գործեր կը տպագրեն։ Ինծի ցոյց կու տան ի վերջոյ այն խուցը, ուր Լորտ Պայրըն ամէն օր կու գար… արդեօք գիտէի՞ք դուք, թէ ինչ ընելու։
Լիմացի իմ բանաստեղծներս, որոնք անգամ մը որ իրենց հանճարը կը յայտնագործեն, ինչ որ սովորաբար աւելի վաղ կը պատահի, քան պէտք եղածը, միայն կը մտածեն հաճոյքի, խրախճանքի, անառակութեան մասին (տեսական կամ գործնական) եւ միայն այս կողմով կը ճանչնան, կը հիանան ու կը նմանակեն Լորտ Պայրընը կամ անոր սպանական ընդօրինակութիւնը՝ Էսփրոնսետան (2), պիտի հաւատան որ Լորտ Անառակը կ՚ուղղուէր դէպի հայոց խորհրդաւոր խուցը երեւակայութեան ազատ թռիչք տալու, ինչպէս սովոր են իրենք ընել իրենց հանճարի անսանձ ձիուն հետ։
Բայց չէ, պարոններ, վիպապաշտ բանաստեղծը որ ճանչցուած է իբրեւ մեծագոյնը արդի ժամանակներուն, որ այնքան կը հրապուրէ թէ՛ անլուրջ եւ թէ՛ մտածող մարդիկը, եւ թէ՛ կիներն ու թէ՛ տղամարդիկը, հարուստ միլորտը որ կը ճամբորդէր իբրեւ մեծ պարոն մը՝ իր ետեւէն քաշելով մանկլաւիկներ, ձիեր ու սիրուհիներ, Ս. Ղազարի խուցը կ՚երթար… հայոց լեզուի դասե՜ր ստանալու։
“Այդ այնքան պոռթկուն բանաստեղծը”, ինչպէս կ՚ըսէ ճամբորդ մը, “ծանր, պաղ, պատմական, թարգմանութիւններու եւ բանավէճերու գրականութիւն կ՚ուսանէր”, հակառակ որ արդէն յունարէն ու լատիներէն գիտէր, ինչպէս ամէն լաւ կրթուած անգլիացի։
Մեր բանաստեղծիկները, որոնք կը կարծեն, որ նոյնիսկ լատիներէն ուսմամբ իրենց հանճարը կը վնասեն, կը սառեցնեն ու կը խանգարեն, ի՞նչ կ՚ըսեն ասոր։
Անոնք, որ Եւրոպայի մէջ միայն Փարիզ կ՚երթան, Փարիզի մէջ՝ միայն պուլվարները, պուլվարներու մէջ՝ միայն սրճարանները, թատրոնները եւ թեթեւամիտ կիներու տուները, որ լեզուներուն մէջ միայն ֆրանսերէն կը սորվին, ֆրանսերէնի մէջ՝ արդին, արդիին մէջ՝ Ալֆրէտ տը Միւսէի ֆրանսերէնը, ի՞նչ կ՚ըսեն հիմա։ Ի՞նչ պիտի ըսեն։ Միայն պիտի խօսին շեշտադրութեամբ, եւ անվերջանալի տափակութիւններով։
Ինչի՞ մասին։ Իրենց Պայրոնեան տխրութիւններուն մասի՛ն»։
Արոնայի բեղուն գրիչը արտադրած է բազմաթիւ բանաստեղծական ու փորձագրական հատորներ, ինչպէս եւ կատակերգութիւններ։ Յայտնի դարձած է իր քննական մտածողութեամբ եւ կծու երգիծանքով։ Թարգմանած է Վիրգիլիոսի «Մշակականք»-ը (1867) եւ լատին բանաստեղծներու ծաղկաքաղ մը (1883), ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններու հատորներ ֆրանսերէնէ, իտալերէնէ, անգլերէնէ եւ գերմաներէնէ։ Նիւթական պայմաններու բերումով, 1872-ին ստիպուած էր մտնել Փերուի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այնուհետեւ դեսպան նշանակուած է Չիլիի (1878-1879) ու Արժանթինի (1880-1882) մէջ։ Փերուի բառարանագրութեան հիմնադիրը կը համարուի. 1882-1884-ին հրատարակած է իր ամէնէն կարեւոր գործը՝ «Փերուաբանութիւններու բառարան»-ը (Diccionario de peruanismos)։ Հրատարակած է շարք մը թերթեր։ Կեանքի վերջին տարիներուն լոյս ընծայած է «Փերուի դիւանագիտական էջեր» (1891) եւ «Գաղթականութիւնը Փերուի մէջ» (1891)։ Մահացած է Լիմայի մէջ, 55 տարեկանին, 1895-ին։
Վ.Մ. ■
———
(1) Pedro Paz Soldan y Unanue [Juan de Arona], Memorias de un viajero peruano. Apuntes y recuerdos de Europa y Oriente (1859-1863), ed. de Eduardo Núñez, Lima, Biblioteca Nacional del Perú, 1971, pp. 135-136.
(2) Խոսէ տէ Էսփրոնսետա (1808-1842), սպանացի վիպապաշտ բանաստեղծ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։