Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փրկարար ծառայութեան գնդապետ Սարոյեան.– «14 զինուորներու մարմինները յայտնաբերուած են մահճակալներուն վրայ անշարժացած, մէկունը՝ դռան մուտքին մօտ»

 

Հանրութեան մէջ բազմաթիւ հարցադրումներ յառաջացած են

Յունուար 20-ին, Հանրային հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալով Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան գնդապետ Արսէն Սարոյեան անդրադառնալով ողբերգական դէպքին յայտնած է, թէ Ազատ գիւղի երկու սենեակնոց կացարանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհին զոհ գացած 14 զինուորներու մարմինները յայտնաբերուած են մահճակալներուն վրայ անշարժացած, մէկունը՝ դռան մուտքին մօտ: Գնդապետին ենթադրութեամբ տղաքը ծուխէն խեղդուած են եւ չեն կրցած իրենց տեղէն շարժիլ, իսկ մէկ հոգի ալ սենեակի մուտքին եղած է, փորձած է փրկուիլ բայց չէ յաջողած։

Նշենք, թէ Յունուար 19-ին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքէն քանի մը ժամ ետք, կառավարութեան նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած էր պաշտօնական վարկածը, թէ «սպան բենզին է լցրել վառարանի վրայ, ինչից յետոյ, երբ կրակն իրեն է անցել, “ինքնապաշտպանական բնազդով” բենզինի 5 լիտրանոց ամանը նետել է կացարանի ուղղութեամբ, ինչն էլ հրդեհի պատճառ է դարձել»։ 

Աւելի ուշ դասակի հրամանատարը լրագրողներուն յայտնած էր, որ կացարանին մէջ պենզին չէ եղած, ըստ էութեան, հերքելով վարչապետին ըսածները: Զինուորական դատախազն ալ յայտարարած էր, որ տակաւին պարզ չէ՝ պենզի՞ն եղած է, թէ՞  այլ բռնկող նիւթ:

Ընդհանրապէս, այդ դէպքի առնչութեամբ հանրութեան մէջ բազմաթիւ հարցադրումներ յառաջացած են, օրինակ, ինչո՞ւ  պատշաճ կացարանի մէջ չեն ապրած զինուորները, այլ գիւղական տան մը մէջ, որ չի համապատասխաներ զօրամասի անվտանգութեան չափանիշերուն։ Կամ ինչո՞ւ տակաւին քննչական գործողութիւնները չաւարտած, իշխանութիւնը շտապեցաւ մէջտեղ նետելու պենզինի վարկածը, որ սեպուեցաւ որպէս նախաքննական մարմինին յստակ ուղղութիւն։

Հանրութիւնը վրդոված է նաեւ, որ Պաշտպանութեան նախարար Պապիկեան անմիջապէս դէպքի վայր չէ գացած եւ դէպքէն միայն երկու օր վերջ, Յունուար 21-ին այցելած է հրդեհէն այրած կացարանի վայրը։  

Շատեր կը պահանջեն նախարար Սուրէն Պապիկեանի, որպէս կատարուածի գլխաւոր պատասխանատու, հրաժարականը։

Բացի ատկէ, տարակուսանք յառաջացուցած է պաշտօնական յայտարարութիւններու հակասականութիւնը: Օրինակ, այդպէս ալ դեռ յայտնի չէ, թէ կացարանը երբէ՞ն ի վեր կը ծառայէ զինուորներու կեցութեան վայր, պաշտօնական աղբիւրները երեք տարբեր թուականներ նշած են:

Վարչապետը վստահեցուցած է՝ 2020–ի պատերազմէն ետք, յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան Հանրային հեռատեսիլէն ըսած է՝ «Սեպտեմբեր 13-ի յարձակումէն յետոյ, երբ զօրամասը պայթեցուած էր», իսկ ըստ  Քննչական կոմիտէին՝ զինուորական վաշտը 2021 Մայիս 13-էն հաստատուած էր Ազատ գիւղի տուներէն մէկուն մէջ։

Նկարին մէջ՝ զոհուած զինուորները 2023-ի Նոր տարին կը դիմաւորեն նոյն կացարանին մէջ։