Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Փրկութիւն» ժապաւէնը արժանացած է ամերիկեան UMFF փառատօնի գլխաւոր մրցանակին

Հայաստանցի բեմադիր Թեմուր Յովհաննիսեանի «Փրկութիւն» (Salvation) ժապաւէնը վերջերս արժանացած է ամերիկեան Universe Multicultural Film Festival (UMFF) փառատօնի գլխաւոր մրցանակին՝ «լաւագոյն կարճ ֆիլմ» անուանակարգին մէջ:

Ժապաւէնը կը պատմէ հիւանդ կնոջ մը մասին, որ ապրելու որեւէ յոյս չունի: Որդին կ՚այցելէ Սուրբ լեռան բարձունքին գտնուող Սուրբ Յովհաննէս մատուռը եւ հոն կը խնդրէ Աստուծմէ բուժել իր մայրը: Եւ հրաշք կը պատահի։

Նշենք, թէ «Փրկութիւն» ֆիլմին նիւթը առնուած է իրական կեանքէն։