Քաթարի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան Յունուար 10-ին հանդիպում ունեցած է Քաթարի քաղաքացիական օդային ընկերութեան գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Մուհամմատ Ֆալեհ ալ-Հաճրիի հետ։
ՀՀ դեսպանութեան յղած տեղեկութեան համաձայն՝ հանդիպումին քննարկուած են քաղաքացիական օդային ոլորտէն ներս հայ-քաթարական համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարելիութիւնները: