Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան News.am-ի հետ զրոյցին, յայտնած է, թէ թրքական գիւղական մթերքի Հայաստան ներածման առումով Թուրքիոյ հետ սահմանը բաց է, այսինքն թրքական ապրանքը անարգել մուտք կը գործէ Հայաստան: Ան պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է, որ հայ-թրքական սահմանի բացուելու պարագային թրքական աժան գիւղամթերք ներածուի Հայաստան եւ տեղացի արտադրողը չդիմանայ այդ մրցակցութեան, ըսած է.
“Անցեալ տարի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքի շրջանառութիւնը 300 միլիոն տոլարէն աւելի եղած է, ինչ որ մրցանիշ մըն է: Մեծ մասամբ գիւղամթերք ներածուած է: 2019-2020-ին ապրանքի շրջանառութիւնը Թուրքիոյ հետ շուրջ 200 միլիոն տոլար կազմած է: Այսօր այդ ապրանքներուն համար որեւէ արգելք չկայ: Այո՛, այդ ապրանքը կու գայ Վրաստանի ճամբով, բայց յամենայն դէպս, այս բոլորը չնչին տոկոսներ են: Այսօր կառավարութիւնը բազմաթիւ ծրագրեր կը մշակէ, որոնք ուղղուած են գիւղատնտեսութեան արտադրութեան յաւելումին”: