Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՔԻՐԿԻԶՍՏԱՆ – Պիշքեքի մէջ հանդիպում ունեցած են Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին

 

Դեկտեմբեր 9-ին, Քիրկիզստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ընթացող Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն յետոյ, տեղի ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Փութինի գլուխ-գլխի հանդիպումը:

Իր խօսքին մէջ Փութին ընդգծած է, թէ Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի առեւտրատնտեսական կարեւոր գործընկերը եւ թերեւս հիմնական ներդրողը։ “Ընթացիկ տարուան առաջին տասը ամիսներուն ապրանքներու շրջանառութեան աճը 67 տոկոս կազմած է, որ լուրջ եւ դրական ցուցանիշ կը հանդիսանայ”,– ըսած է ան։

Իր կարգին, Փաշինեան եւս անդրադարձած է առեւտուրի փոխադարձ շրջանառութեան տպաւորիչ աճին, յոյս յայտնելով, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան գործիքակազմերու բարելաւումով կարելի կ՚ըլլայ պահպանել այդ բնագաւառի աշխուժութիւնը։

Խօսելով տարածաշրջանային հարցերու մասին, վարչապետը նշած է. “Ցաւօք, մեր տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ եւ գլխաւոր հարցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումն է։ Վերջերս, մենք լարուած իրավիճակի ականատեսը եղանք ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ։ Վստահ եմ տեղեակ էք, որ փակուեցաւ Լաչինի միջանցքը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շատ մեծ մտավախութիւններ կան այդ կապակցութեամբ։ Կը յուսամ, որ մեզի կը յաջողի քննարկել տարածաշրջանի անվտանգութեան բոլոր կարեւոր հարցերը”։