Մայիս 12-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Չինաստանի նորանշանակ դեսպան Լի Ցինուէյը։
Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ գործընկերութեան ընդլայնման ուղղուած քայլերն ու յառաջիկայ ծրագրերը։
Զրուցակիցները նաեւ կարծիքներ փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Կողմերը ընդգծած են ներկայի անորոշութիւններով, սակայն նաեւ կարելիութիւններով լի ժամանակաշրջանին փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։