Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Գոլոմինա անդրադարձած է ազերպայճանական բանակին կողմէ Արցախի ոստիկանական կառքի գնդակոծման արարքին:
Ան՝ Թուիթըրի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ մտահոգ է Ստեփանակերտի շրջակայքը տեղի ունեցած մահացու դէպքին կապակցութեամբ, որ կ՚ապացուցէ բանակցութիւններու միջոցով հարցերուն լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը։ «Օթան կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին»,– եզրափակած է ան: