Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՕՏԱՐ ՄԱՄՈՒԼ – «Իսլամական Հանրապետութիւն» օրաթերթ.– «Հայաստան-Իրան սահմաններու հարցին մէջ Ազերպայճան պէտք չէ խաղայ կրակի հետ»

Իրանի «Իսլամական Հանրապետութիւն» օրաթերթը իր խմբագրականով անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հակամարտութեան եւ գրած՝ «Պաքուի պետական դէմքերու շահերէն կը բխի չխաղալ կրակի հետ, որպէսզի ինչպէս անցեալին, կարենան օգտուիլ Իրանի հետ յարաբերութիւններէն»:

Յօդուածին մէջ ընդգծելով Իրանի ռազմական հզօրութիւնը, հեղինակը գրած է.– «Եթէ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները սահմաններուն վրայ որոշ տեղաշարժերու վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը յայտնած են յորդորներով, այդ չի նշանակեր, որ անոնք ռազմական ուժ պիտի չկիրարկեն՝ հաւանական սպառնալիքներու դիմադրելու համար: Իրան կը նախընտրէ խնդիրները լուծել դիւանագիտական ճանապարհով: Սակայն դրացիները պէտք չէ չարաշահին Իրանի համբերութիւնը եւ երկրի ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ քայլ առնեն:

Եթէ Պաքուի իշխանութիւնները դիմեն նման քայլի, Իրանի իշխանութիւնները մէկ կողմ կը դնեն յորդորները եւ ռազմական ուժով կը կանխեն չար մտադրութիւնները դրացի երկիրներու որոշ ղեկավարներու, որոնք նոյնիսկ իրենց սեփական ժողովուրդին մէջ հեղինակութիւն չեն վայելեր։ Անոնք պէտք է իմանան, որ մեր դիւանագիտութեան լեզուն ունի հզօր ռազմական յենարան, որ կրնայ գործել որեւէ պահու yv զսպել որեւէ դաւադրութիւն»։