Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսախօսութեան ընդհանուր քարտուղարը կ՚ողջունէ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ Լա Հէյի ատեանի որոշումը

Ֆրանսախօսութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապօ Փետրուար 23-ին ընդունած է ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանը։ Վերջինս ահազանգ հնչեցուցած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ մտահոգիչ իրավիճակին մասին, մասնաւորապէս ընդգծելով, թէ 2022 Սեպտեմբերին Ազերպայճան՝ պատերազմական գործողութիւններ սանձազերծելէ եւ Հայաստանի ինքնիշխան որոշ տարածքներ բռնագրաւելէ ետք, այժմ երկու ամիսէ աւելի է որ փակած է Բերձորի միջանցքը՝ ստեղծելով մարդասիրական ճգնաժամ Արցախի 120.000 Հայութեան համար։

Տէր-Ստեփանեան ընդգծած է, որ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը խախտող նման քայլը միջազգային հանրութեան քննադատութիւններուն արժանացած է եւ բազմաթիւ քաղաքական-հասարակական դերակատարներ Ազերպայճանէն պահանջած են դադրեցնել Բերձորի միջանցքի շրջափակումը։

Ֆրանսախօսութեան ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին ողջունած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին Փետրուար 22-ին կայացուցած որոշումը, որով կը պարտաւորէ Ազերպայճանը գործադրելու իր տրամադրութեան տակ եղող բոլոր միջոցները՝ Բերձորի միջանցքով անարգել երթեւեկը ապահովելու համար։

Կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր։