Ֆրանսահայ դաշնակահար Ժան-Փօլ Գասպարեան բացառիկ մենահամերգներով հանդէս կու գայ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ։ Համերգները կազմակերպուած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Ֆրանսական հիմնարկի համագործակցութեամբ:
Ապրիլ 3-ին Գասպարեան ելոյթ կ՚ունենայ Գիւմրիի սենեկային համերգներու դահլիճին, իսկ Ապրիլ 5-ին՝ «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։