Մայիս 26-ին, պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ: Լուրը կը հաղորդէ ԱԳ նախարարութիւնը։
Նոյն օրը տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու ԱԳ նախարարներու հանդիպումը, որուն կը յաջորդէ մամլոյ ասուլիս մը:
Ժան-Նոէլ Պառօ «Երեւանեան երկխօսութիւն» ժողովի շրջանակին մէջ կը մասնակցի նաեւ առանձին քննարկումներու։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։