Եաէլ Պրաուն-Փիվէ.- «Ֆրանսա չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը եւ այդ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, որուն կ՚ենթարկուինք»
Յունուար 12-ին Երեւան ժամանած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհի Եաէլ Պրաուն-Փիվէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Յունուար 13-ին, ան Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Պատուիրակութիւնը այնուհետեւ այցելած է Ցեղասպանութեան թանգարան։ Աւարտին Տիկին Փիվէ իր տպաւորութիւնները արձանագրած է թանգարանի ոսկեմատեանին մէջ։
Ֆրանսայի խորհրդարանականները կոչ կ՚ընեն վերադառնալու երկխօսութեան՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հարթակին վրայ
Նոյն օրը, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահուհին անդրադառնալով Արցախեան համակամարտութեան լուծման հարցին յայտարարած է, որ իր երկրին խորհրդարանականները կոչ կ՚ընեն վերադառնալու երկխօսութեան՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հարթակին վրայ, հակառակ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդումներուն, թէ Արցախի հարցը լուծուած է եւ հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափի՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան կարիքը չկայ։ Ան շեշտած է, որ Մինսքի խումբը գոյություն ունեցող երկխօսութեան հարթակներէն մէկն է: «Ի հարկէ, միակը չէ եւ պէտք է բոլոր միջոցները փորձուին, որպէսզի կացութիւնը հանդարտի»,– նշած է Եաէլ Պրաուն-Փիվէ։
«Ֆրանսա չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը եւ այդ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, որուն կ՚ենթարկուինք»
Հարցումին, թէ նկատի ունենալով, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայաստանին աջակցող բանաձեւ ընդունած է, ուր նաեւ կոչ ըրած է ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, արդեօք Ֆրանսա չի պատրաստուի՞ր առաջին քայլը առնելով ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, Պրաուն-Փիվէ պատասխանած է․
“Ինչ կը վերաբերի Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցին, դուք գիտէք Ֆրանսայի կեցուածքը, որ այսօր չի ճանչնար այդ անախութիւնը եւ այդ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, որուն կ՚ենթարկուինք”։