Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի, Մայիս 26-ին, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ նախարար Արարատ Միրզոյեանի ուղեկցութեամբ:

Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները ծաղկեպսակներ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ապա ծաղիկներ՝ անմար կրակին մօտ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Ֆրանսացի ծովակալ, մարդասէր Լուի Տառթիժ տիւ Ֆուռնէի յուշաքարի բացման արարողութիւնը

Այցին շրջանակին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին մօտ տեղի ունեցած է Մուսա լեռան հերոսամարտի ընթացքին շուրջ 4.000 հայերու կեանքը փրկած ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տառթիժ տիւ Ֆուռնէի գերեզմանէն բերուած հողին զետեղումը եւ անոր յուշաքարին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարները։ Ներկայ եղած են նաեւ ծովակալի հարազատները։

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Էդիթա Գզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ այսօր պատմական օր մըն է հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն պատմութեան մէջ: Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Մուսա լեռան ինքնապաշտպանութենէն 110 տարի ետք, հայ ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ցեղասպանութեան տարիներուն շուրջ 4.000 հայեր փրկած ֆրանսացի ծովակալին: Աւելի քան 13 տարի դադարէ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին կ՚աւելցուի Լուի Տառթիժ տիւ Ֆուռնէի գերեզմանէն բերուած հողը եւ կը տեղադրուի անոր յուշատախտակը: Ֆրանսացի ծովակալը անսալով իր խղճի ձայնին՝ ցեղասպանութենէ փրկեց 4092 հայ. հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ ֆրանսացի մեծ մարդասէրը:

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթին յայտնած է, թէ այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք ծովակալ Լուի Տառթիժ տիւ Ֆուռնէին եւ երրորդ նաւախումբի ծովայիններուն, որոնք անոր հրամանատարութեամբ, փրկեցին աւելի քան 4.000 հայու կեանքը: Միաժամանակ կը յիշենք նաեւ Մուսա լեռան հայերը, որոնք 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած բռնագաղթի փոխարէն ընտրեցին դիմադրութեան ճամբան եւ կրցան փրկուիլ: