Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի գիւղական համայնքներու ղեկավարներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան 

Ֆրանսայի գիւղական համայնքներու ղեկավարներու ընկերակցութեան նախագահ Միշէլ Ֆուռնիէ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն աշխատանքային այցով կը գտնուին Հայաստան ։

Պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 31-ին այցելած է Երեւանի Գիւղատնտեսութեան (Ագրարային) պետական համալսարան։

Համալսարանի պատասխանատուներուն եւ ուսանողութեան հետ այս հանդիպումը առիթ ընծայած է շօշափելու հեռանկարներ՝ հայ ուսանողներու համար վարժութեան կարելիութիւններ ֆրանսական տնտեսութիւններուն մէջ եւ համալսարանական նոր համագործակցութիւններ։