Ապրիլ 18-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է Վայոց ձորի մարզ՝ ծանօթանալու սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ստեղծուած կացութեան եւ տեղւոյն վրայ գնահատելու Ֆրանսայի մարդասիրական աջակցութեան հոլովոյթները։
Դեսպանը այցելած է Վայոց ձորի Խաչիկ գիւղը, որ կը գտնուի Ազերպայճանի՝ Նախիջեւանի հետ սահմանին մօտ։ Ան ընդգծած է, թէ Ֆրանսայի աջակցութեամբ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբը գիւղի հողագործներուն կը տրամադրէ ցորենի սերմնացու՝ օգնելու գիւղատնտեսական գործունէութեան շարունակականութեան։
Տըքոթինյի նշած է, թէ տրամադրուած է 20 թոն սերմնացու, որ նախատեսուած է շուրջ 100 կարիքաւոր ընտանիքի համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։