Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Մարտ 23-ին կրկին մեկնած է Սիւնիքի մարզ։
Այս կապակցութեամբ դեսպանը X-ի իր հաշիւին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.
«Կը սկսիմ բարեկամութեան, համերաշխութեան, աջակցութեան այցը Սիւնիք: Սիւնիքը Հայաստանի տարածքին անբաժան մասն է։ Անոր բնակիչները իրաւունք ունին ապրելու խաղաղ, առանց մտահոգութեան եւ սպառնալիքի։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսա կը ներդնէ իր միջոցները՝ հաւատարիմ իր համոզումներուն»։
Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է Սիւնիքի մարզի՝ Ազերպայճանի հետ ռազմական շփման գիծին վրայ գտնուող Արաւուս գիւղը, ուր Ֆրանսայի աջակցութեամբ Կարմիր Խաչի յանձնախումբը դարմանատուն մը հիմնած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։