Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի շահերուն վնասող յայտարարութիւններ

Նախագահ Մաքրոն Մարսիլիոյ մէջ Յունիս 27-ին տեղւոյն ընտրաշրջանի երեսփոխանուհի Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի ներկայութեամբ հանդիպում մը ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին իբր թէ յայտարարած է. “Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ քան նոյնինքն Փաշինեանը։ Հարցը Փաշինեանն է։ Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ”։

Ոչ մէկ տեսագրութիւն տարածուած է սոյն հանդիպումին նախագահ Մաքրոնի խօսքերը հաստատող։ Տիկին Ակրեսթի-Ռուպաշ իր թուիթըրեան էջին վրայ կ՚անդրադառնայ այս հանդիպումին նշելով. «…200 օր է Արցախը շրջափակումի մէջ. Չմոռնանք հոն ապրող 120 000 Հայերը։ Հանրապետութեան նախագահ Է. Մաքրոն յիշեցուց երէկ, իմ ընտրատարածքի հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ մեր խօսակցութեան ընթացքին. “Անոնց անվատնգութիւնը մեր առաջնահերթութիւնն է”»։ Ոչ մէկ ակնարկ կայ այնտեղ Հայաստանի վարչապետին հանդէպ, ո՛չ ալ Հայաստանի հանդէպ։ Փոխարէնը՝ աւելի նպաստաւոր դիրքորոշում՝ Արցախը պաշտպանելու վերաբերեալ։

Էլիզէի կողմէ ալ նման պաշտօնական յայտարարութիւն չէ հրապարակուած։ Շատ անբնական պիտի ըլլար այդ ոճի յայտարարութիւն մը Ֆրանսայի նախագահին բերնէն, որ ո՛չ Հայութեան, ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Ֆրանսայի շահերուն կը ծառայէ։ Սակայն, վստահաբար Ազերպայճանի ջաղացքին ջուր կը կրէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ռուսամէտ ճակատին։ Զարմանալին այն է, որ լուրը տարածուեցաւ դաշնակցական մամուլին կողմէ։ Եւ Ազերպայճան առիթը չփախցուց լուրը շահագործելու։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հրապարակեց Ֆրանսայի դիրքորոշումը պախարակող հաղորդագրութիւն մը, ապա նաեւ Նախարարութիւն կանչեց Ֆրանսայի դեսպանուհին, որ այս մասին բացատրութիւն տայ։ Իսկ ազերական մամուլին մէջ եւ ընկերային ցանցերու վրայ, Ֆրանսա՝ բանակցութիւններու անվստահելի միջնորդ կ՚որակուի իր հայամէտ դիրքորոշման պատճառով։ Պաքու դժգոհ է, որովհետեւ Ֆրանսայի նախագահը անգամ մը եւս իր անսեթեւեթ զօրակցութիւնը յայտնած է Հայութեան՝ Արցախի հարցին մէջ, շեշտելով որ այդ գծով կը շարունակէ մնալ վճռակամ։

Պարզ է, որ նման զուտ հակափաշինեանական յայտարարութիւնը հասցէագրուած է Հայաստանի ներքին քաղաքական հանրութեան։ Սակայն, յայտարարութիւնը տարածողները բնաւ չեն մտածած անոր դիւանագիտական գետնի վրայ ժխտական հետեւանքներուն մասին՝ մա՛նաւանդ ներկայիս, Արցախի շրջափակման 205-րդ օրուան ծանրակշիռ վիճակին ու Արեւմուտքի միջնորդական ջանքերու տեսանկիւնէ Ֆրանսայի եզակի դերակատարութեան պայմաններուն մէջ։ Պէտք է ըսել նաեւ, որ այս յայտարարութիւնը անպատեհ է ֆրանսահայ համայնքին համար ալ, որ անտեղի կերպով Ֆրանսայի նախագահին բերանը խօսքեր կը դնէ, Անոր միջնորդական առաքելութիւնը խանգարելով։ Յայտարարութիւն մը, զոր անոր պաշտօնական բանբերն ալ չ՚երկրորդեր։ Հայաստանեան «Փաստերի ստուգման հարթակ»-ը (FIP.am) կը հաղորդէ, թէ «Մակրոնին վերագրուող յայտարարութիւնը պաշտօնական չէ»։ Հարթակը գրաւոր դիմում կատարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան եւ Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմին՝ պարզելու համար տեղեկատւութեան իսկութիւնը։ «Պատասխանն ստանալուն պէս այն կը հրապարակենք»,– կը նշուի այս մասին անոր հրապարակումին մէջ։

Յամենայն դէպս, այն ձեւով որ տարածուած է լուրը, անհանգստացուցած է նաեւ Երեւանը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Յունիս 29-ին յայտարարած է. “Երէկուանից կապի մէջ ենք ֆրանսիական կողմի հետ”։ 

Ֆրանսայի նախագահի մասին այս միջադէպը օրինակներէն մէկն է, ուր հայաստանեան կոշտ ընդդիմադիր ճակատը Արցախի թեման գործիք կը դարձնէ ներքին քաղաքական շահագործման։ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններու վատթարացման վերաբերեալ լուրերը եւս յաճախ շրջանառութեան մէջ կը դրուին նոյն նպատակով։ Արցախի նախագահը խորհրդարանական հանդիպումի մը ընթացքին հակազդելով նման անհիմն պնդումներու, հաստատած է, որ ամէնօրեայ երկխօսութեան մէջ է Հայաստանի վարչապետին հետ։  

Ժ.Չ. ■