Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը կը դիմէ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնին՝ Արցախի շրջափակման հարցով

 

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը նամակ մը յղած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհի Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնին, որ ինչպէս ծանօթ է՝ կազի պայմանագիր կնքեց Ազերպայճանի հետ եւ բազմիցս այդ երկիրը որակեց «վստահելի գործընկեր»։ 

Նամակին մէջ կը ներկայացուի Բերձորի միջանցքի խափանումով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը, կը յիշեցուին Ազերպայճանի դրժումները իր յանձնառութիւններուն նկատմամբ, անոր այլեւս անթաքոյց նպատակները, հայատեաց քաղաքականութիւնն ու ատոր արտայայտիչ յաջորդական տմարդի արարքները, Պաքուի ու Անգարայի ծաւալապաշտական անյագ ախորժակները, իրենց քայլերուն մէջ  համայն աշխարհը, ի մասնաւորի՝ Եւրոպան արհամարհելու անոնց կեցուածքը, կ՚արծարծուի ըստ թուրք-ռուսական նոր մէկ համաձայնութեան՝ ռուսական կարեւոր ծաւալով կազի Թուրքիոյ միջոցով Եւրոպա մատակարարումով՝ այս անգամ ալ Ռուսաստանի փոխարէն Թուրքիայէն՝ այդ անվստահելի երկրէն կախեալ ըլլալու վտանգաւոր հեռանկարը…։ Ապա նաեւ կը յիշեցուի, թէ՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ազերպայճանի յարձակումէն ետք՝ 2022 Հոկտեմբեր 27-ին Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին, այդ հարցով՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին յղած նամակին ի պատասխան վերջինս ըսած էր, թէ «Ազերպայճանի հետ ուժանիւթային գործընկերութիւնը ոչ մէկ ձեւով չ՚ազդեր Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման վրայ, որ կ՚ուզէ մնալ հաւասարակշռուած, քանի որ այդ հանգամանքը անոր թոյլ կու տայ ընկալուիլ որպէս անաչառ միջնորդ»։  

Այս յայտարարութեան հիման վրայ՝ տիկին ֆոն տեր Լեյէնէն կը խնդրուի ներկայ պայմաններուն մէջ ցոյց տալ այդ անաչառութիւնը եւ՝

– Յստակ յայտարարել, որ Ազերպայճան պատիժներու պիտի ենթարկուի, եթէ անմիջապէս վերջ չտայ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման,

– Դիմել շահագրգիռ երկիրներուն,– որոնց առաջին շարքին կը գտնուի Ազերպայճանը,– Ստեփանակերտի օդակայանի վերաբացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օդային հաղորդակցութիւններու անվտանգութան երաշխաւորման համար,

– Պահանջել Ազերպայճանէն եւ Թուրքիայէն՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչական սահմանները յարգելու լուրջ յանձնառութիւն,

– Ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը որպէս անկախ քաղաքական միաւոր եւ այդ ճանաչումը դարձնել բանակցային գործիք՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով,

– Աշխատիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եւ «Լաչինի միջանցքի» երկայնքին միջնադիր ուժերու տեղակայման միջազգային լիազօրութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ,

– Պահանջել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դիրքեր գրաւող ազերպայճանական բանակէն, որ անվերապահ ետ քաշուի 1991 թուականի Ալմա-Աթայի պայմանագրերով վաւերացուած սահմաններ, եւ լրջօրէն ներգրաւուի Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի վաւերացման ուղղուած բանակցութիւններուն մէջ,

-Պահանջել Ազերպայճանէն ազատ արձակել քաղաքացիական եւ զինուորական բոլոր գերիները։