Այս տարի Ապրիլ 24-ը զուգադիպելով Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու Բ. շրջանին, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման բազմաթիւ արարողութիւններ, ձեռնարկներ այդ թուականէն քանի մը օր առաջ կամ վերջ առնուեցան։
ՓԱՐԻԶ
Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը՝ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ
Պսակաձեւ ժահրին պատճառով երկու տարուան ընդմիջումէ ետք՝ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետութեան աւանդական ընդունելութիւնը՝ Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 22-ին քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ եւ քաղաքապետութեան առնչակից բարձրաստիճան պաշտօնատարները հիւրընկալեցին Փարիզի շրջանի հայութեան ներկայացուցիչներ։
Քաղաքապետուհին իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտը դրաւ այս հանդիսութեան խորհրդանշական հանգամանքին վրայ։ Ան ընդգծեց որ՝ այս ձեռնարկը կը խորհրդանշէ «արդար արժէքներու հաւատարմութիւն», ու յիշեց զօրակցական ու բարեկամական այն յարաբերութիւնները, որոնք իրարու կը կապեն Ֆրանսան ու հայ ժողովուրդը։ Քաղաքապետուհին, ինչպէս միշտ եղած է ջահակիրը, անգամ մը եւս յիշեցուց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնող օրէնքի մը հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Ապա, յիշեց որ՝ Փարիզ միշտ վառ պահած է Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը զանազան միջոցներով, ներառեալ՝ մայրաքաղաքին տարբեր վայրերուն մէջ Հայութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յուշող անուանակոչումներով։ Խօսեցաւ նաեւ Արցախի մասին, յիշեցուց որ քաղաքապետարանը քուէարկած է Արցախի ճանաչումը պահանջող մաղթանք մը։ Չգոհանալով միայն կատարուածները յիշատակելով, քաղաքապետուհին թուեց նաեւ Հայաստանի աջակցութեան ուղղուած շարք մը միջոցներ որոնք յառաջիկային պիտի քննարկուին ու քուէարկուին քաղաքային խորհուրդին կողմէ։ Աւելցուց, որ մօտ ապագային ինք պիտի այցելէ Հայաստան ու Արցախ, նշելով՝ “իմ ամբողջական զօրակցութիւնն ու բարեկամութիւնը արտայայտելու համար”։
Այնուհետեւ խօսք առաւ CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, որ յատկապէս անդրադարձաւ Էրտողանի յարձակողական քաղաքականութեան, Թուրքիոյ իշխանութեան գլուխը հասած օրէն ի վեր։ Ըսաւ, որ այդ քաղաքականութեան հեռանկարներու թիրախներէն են նաեւ Եւրոպան եւ… Ֆրանսան։ Ան մատնացոյց ըրաւ նաեւ Հայոց՝ միջազգային հանրութեան կողմէ լքուած ըլալլու երեւոյթը, որ բացորոշ կերպով ի յայտ եկաւ 44-օրեայ պատերազմին առիթով, եւ չվարանեցաւ այդ պատերազմը որակելու «երկրորդ ցեղասպանութիւն մը»։ Դատապարտեց Հայոց վիճակած այդ ողբերգութեան՝ Արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն տիրած ընդհանուր անտարբերութիւնը, ընդգծելով որ՝ եղան բարեբախտաբար բացառութիւններ, որոնցմէ է Անն Հիտալկոյի պարագան եւ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց անոր։
CCAF-ի միւս համանախագահը Արա Թորանեան եւս շնորհաւակալութիւն յայտնեց Փարիզի քաղաքապետուհիին, յա՛տկապէս Ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ անոր տարած պայքարին համար։ Ան ըսաւ որ Հայութիւնը այսօր ալ շատ դժուար օրեր կ՚ապրի, մասնաւորապէս Արցախի, բայց նաեւ Հայաստանի մէջ, որոնք ամբողջովին առնուած են փանթուրանական աքցանի մէջ, եւ ուր անոնց գոյութեան իսկ վտանգ կը սպառնայ։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։ Անոր ելոյթը կարճ էր, բայց սրտաշարժ։ Ան յիշեցուց, որ 1915 Մայիս 24-ին Ֆրանսա, Ռուսաստան եւ Մեծն Բրիտանիա կը դատապարտէին «Թուրքիոյ՝ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրները». նո՛ր, քանի որ անոնք շարունակութիւնը կը հանդիսանային 1895-ի ջարդերուն։ Բայց նաեւ նո՛ր, այն առումով որ՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ այդ ոճիրները կը միտէին վերջնական, եզրափակիչ ըլլալ։ Դեսպանուհին յիշեց նաեւ Գլեմանսօն, որ անդրադառնալով այդ ոճիրներուն՝ կը մատնանշէր «կանխամտածուած գազանութիւնը»։
Տիկին Տոլմաջեան նշեց, որ աւելի քան հարիւր տարի ետք, այսօր եւս հայկական պետութիւնը նոյն դահիճին սպառնալիքին ենթակայ է՝ շրջափակուած, տկարացած…, որ կը պայքարի իր գոյութիւնը պահպանելու համար։
ՄԱՐՍԻԼԻԱ
Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաստառի բացում՝ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային արխիւներու եւ գրադարանի շէնքին առջեւ
Ի դէպ, կան նաեւ ձեռնարկներ, որոնք արդէն աւանդաբար տեղի կ՚ունենային Ապրիլ 24-ի նախորդող օրերուն, ինչպէս բացումը՝ Մարսիլիոյ մէջ, Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային արխիւներու եւ գրադարանի «Կասթոն Տըֆէռ» շէնքին առջեւ՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաստառին։
Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 22-ին, կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի եւ Մեթրոփոլ Էքս-Մարսիլիա-Փրովանսի նախագահուհի Մարթին Վասալի, ինչպէս նաեւ Հարաւի CCAF-ի, զոր կը ներկայացնէին անոր երեք համանախագահները՝ Օռոր Պրիւնա, Ազատ Պալալաս-Գազանճեան եւ Ժիւլիէն Հարունեան։
Ներկայ էին մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, մեծամասնութեամբ՝ ընտրեալներ, ծերակուտականներէ՝ մինչեւ շրջանային, նահանգային, քաղաքային բազմաթիւ խորհրդականներ…։
Պաստառը, որուն վրայ կը գտնուի «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում – 1.500.000 զոհ – 24 Ապրիլ 1915-2022» արձանագրութիւնը, քօղազերծեցին Վասալ եւ CCAF-ի երեք համանախագահները։ Բացի այս խորհրդանշական պաստառէն, ուրիշ մըն ալ՝ շատ աւելի մեծ, հսկայական, պիտի կախուի ամբողջ շէնքի ճակատին։
Արարողութեան հրաւիրուած էին հայկական վարժարաններու աշակերտներ, որոնք ապահովեցին գեղարուեստական բազմերանգ բաժին մը։
Արտասանած ճառին մէջ տիկին Վասալ անգամ մը եւս, անթաքոյց յուզումով անդրադարձաւ իր հայկական արմատներուն (մօրը կողմէ հայ), եւ շեշտեց թէ որքա՛ն կարեւոր է Ցեղասպանութիւնը չմոռնալն ու ոգեկոչելը։ Այս ծիրին մէջ ընդգծեց զայն դպրոցներու մէջ ուսուցանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձաւ նաեւ իր նախագահած կառոյցներուն՝ Հայաստանի հետ սերտ կապերուն, այդ շրջանակին մէջ ծաւալող համագործակցութեան, կատարուող աշխատանքներուն։
Ան հարկաւոր դատեց նաեւ արդարացնել իր նահանգին Ուքրաինայի ցուցաբերած աջակցութիւնը, ընդգծելով որ իրենց նպատակը սոսկ ուքրաինացի ժողովուրդին օգնութեան ձեռք մեկնելն է եւ ոչ թէ աջակցիլ Զելենսքիին եւ անոր վարչակարգին, որոնք ծանօթ են Անգարայի եւ Պաքուի հետ իրենց սիրալիր յարաբերութիւններով։
Տիկին Վասալ խօսեցաւ նաեւ Արցախի ճանաչման հարցին մասին, յիշեցուց թէ իր նախագահած Մեթրոփոլը բացարձակ մեծամասնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է այդ ճանաչումը պահանջող։ Յայտարարեց նաեւ որ՝ մօտ ապագային պիտի այցելէ Հայաստան եւ Արցախ՝ յայտնելու իր զօրակցութիւնը, “քանի որ,– ըսաւ ան,– ասիկա դատ մըն է, որ կը միաւորէ մեր բոլորը, եւ քանի որ ան՝ ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան դատն է”։
Ֆարոյի պալատը՝ կը շողշողայ հայկական եռագոյնով
Նախորդ օր՝ Հինգշաբթի, Ապրիլ 21-ի երեկոյեան ալ տեղի ունեցաւ Մարսիլիոյ հռչակաւոր Ֆարօ պալատին՝ հայկական եռագոյնով լուսաւորման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Մարսիլիոյ քաղաքապետութեան եւ Հարաւի CCAF-ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած այս լուսաւորման նախորդած եւ պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին քաղաքապետ Պընուա Փեյան, Հարաւի CCAF-ի համանախագահները եւ նոյնպէս՝ բազմաթիւ ընտրեալներ։
Իր ելոյթին մէջ, քաղաքապետը դրուատալից խօսքերով անդրադարձաւ հայութեան, թէ՛ որպէս ինքնութիւն, թէ՛ ալ որպէս Ֆրանսայի տիպար քաղաքացիներ։ Ան յատկապէս ըսաւ, որ Հայերը տէր են անգնահատելի գանձի մը. “Այդ գանձը ձեր Պատմութի՛ւնն է, ձեր հայութի՛ւնն է։ Երբեք թոյլ չտաք, որ ազգայնականներ վնաս հասցնեն այն ինչին, զոր կը ներկայացնէին ձեր ծնողները, մեծ ծնողները”,– ըսաւ քաղաքապետ Փեյան, աւելցնելով՝ “Հպա՛րտ եղէք դուք ձեզմով։ Հպա՛րտ եղէք ձեր Պատմութիւնով”, եզրափակելով իր խօսքը հայերէն «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-ով մը, որ արժանանացաւ սրահի բուռն ծափահարութիւններուն։