Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրօ հրաւիրուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ Ծերակոյտին մէջ քրտական YPG կազմաւորումներու անդամներու պարգեւատրման պատճառով։ Նշենք, թէ Անգարա, Թուրքիոյ մէջ գործող քրտական PKK-ի սուրիական ճիւղաւորումը նկատուող YPG կազմակերպութիւնը եւս «ահաբեկչական» կը համարէ, ինչպէս PKK-ն:
Դեսպանին ըսած են, որ Թուրքիա խստօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ «Սուրիական-քրտական ահաբեկչական կազմաւորումներ»-ու անդամներուն պարգեւատրումը: