Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ նախ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ արդիւնաբերական ու թուային ինքնիշխանութեան նախարար Էրիք Լոմպառի հետ։
Կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, յատկապէս՝ փոխադարձ առեւտուրի եւ ներդրումներու նոր ուղղություններու ներառման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու սեփական հատուածներու միջեւ գործարար կապերու ընդլայնման միջոցով։
Փոխվարչապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում (MEDEF – Mouvement des entreprises de France) կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւններուն եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած ցուցանիշերուն։ Այս համածիրին մէջ պարոն Խաչատրեան ներկայացուց Հայաստանի ներդրումային միջավայրի շարունակական բարելաւման գծով կառավարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները։
Փոխվարչապետին Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ կայացաւ նաեւ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան (ԶՖԳ – Agence française de développement – AFD) ընդհանուր տնօրէն Ռեմի Ռիուի հետ հանդիպումը:
Տիգրան Խաչատրեան ընդգծեց ԶՖԳ-ի կարեւոր դերակատարութիւնը Ֆրանսայի հետ գործակցութեան շարունակական ընդլայնման եւ զարգացման հոլովոյթին մէջ:
Անդրադառնալով տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան՝ փոխվարչապետը բարձր գնահատեց ԶՖԳ-ի դերը Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման աշխատանքներուն մէջ, այդ կարգին՝ հանրային հաշիւներու կառավարման համակարգի բարելաւման, մասնաւոր հատուածի գանձատրման ու կառավարման աւելի թափանցիկ գործիքակազմերու ներդրման եւ բազմաթիւ այլ կարեւոր ուղղութիւններով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։