Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստան պատուոյ հիւրն է 2025-ի Սէն թ՚Էթիէնի ձեւաւորման (design) 13-րդ միջազգային երկամեայ ցուցահանդէսին

Ինչպէս ար­դէն հա­ղոր­դած էինք քա­նի մը շա­բաթ առաջ, այս տա­րի Հա­յաս­տան պա­տուոյ հիւրն է Կա­պանի հետ զու­գորդուած Սէն թ՚Էթիէն քա­ղաքի ձե­ւաւոր­ման (design) 13-րդ մի­ջազ­գա­յին եր­կա­մեայ ցու­ցա­հան­դէ­սին։

500 քա­ռակու­սի մեթր տա­րած­քով ցու­ցա­հան­դէս մըն է, որ նուիրուած է Հա­յաս­տա­նին: Normal Studio-ի բե­մադ­րութեամբ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռքի ժա­մանա­կակից ստեղ­ծա­գոր­ծութեան հա­մայ­նա­պատ­կե­րը: Յանձնա­կատա­րու­թիւնը ապա­հովուած է Normal Studio/Ժան-Ֆրան­սուա Տինքճեան եւ Էլոա Շա­ֆաի գոր­ծա­կալու­թեան կող­մէ, հրա­ւիրեալ՝ ցու­ցա­հան­դէ­սի յանձնա­կատար, արուես­տի պատ­մա­բան Նա­յիրի Խա­չատու­րեանի հետ: 

Մաս­նա­կից­ներն են՝ Սար­գիս Ան­տո­նեան, Շանթ Շա­ռոյեան, Մով­սէս Տէր Գէոր­գեան, Դա­ւիթ Գո­չունց, Անուշ Ղու­կա­սեան, Ար­սէն Կա­րապե­տեան, Նո­րօ Խա­չատ­րեան, Խո­րէն Մա­թեւո­սեան, Կա­մօ Նի­գարեան, Հռիփ­սի­մէ Սի­մոնեան, Ար­մի­նէ եւ Աշոտ Սնխչեան, Գա­յիանէ Սո­ֆոյեան, Արի­գա Թո­րոսեան, Trinity Studio, TUMO եւ TUMO Studios: 

«Ծալք ու ծա­ւալ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծել Հա­յաս­տա­նի մէջ»խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը լոյս կը սփռէ հայ ձե­ւաւո­րող­նե­րու հե­տազօ­տու­թիւննե­րուն եւ գոր­ծե­րուն վրայ: Ան կ՚առա­ջար­կէ բա­նալ Հա­յաս­տա­նի լեռ­նա­յին քար­տէ­սը, ու­սումնա­սիրել այդ տա­րած­քը եւ լու­սարձա­կի տակ առ­նել աշ­խա­տանքնե­րը տասնհին­գէ աւե­լի հայ ստեղ­ծա­գոր­ծողնե­րու, որոնք բո­լորն ալ տո­գորուած են այնպի­սի եռան­դով մը, նրբու­թիւնով մը եւ ազա­տու­թիւնով մը, զորս հա­ճելի է վայելել։  

Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Յուլիս 6։