Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ֆրանքեւհայկական մշակութային շաբաթ Լիոնի մէջ

Լիոնի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բարձր հովանաւորութեամբ եւ Պիւլլիւքեան հիմնարկի աջակցութեամբ, Ֆրանքեւհայկական մշակութային շաբաթը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 24-էն Յունիս 1:

Կազմակերպուած՝ Ժամանակակից արուեստի եւրո-հայկական ընկերակցութեան կողմէ, գործակցութեամբ՝ Յոյսի Թռիչքի, Հայաստանի Լոյսի, ՀԲԸՄ Լիոնի, Հալլէ Եղայեան պարախումբի, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի, Էքիւլիի քաղաքապետարանի եւ Տեսինի Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնի, այս շաբաթը կը խոստանայ հարուստ եւ բազմազան յայտագիր մը:

Ամբողջական յայտագիրը՝ ստորեւ.