Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի աշխատանքային խումբը Մայիս 17-էն Գանն կը գտնուի՝ 75-րդ միջազգային փառատօնին կից գործող Marché du Film-ի հայկական տաղաւարը կազմակերպելու համար: Մայիս 19-ին հոն տեղի ունեցած է,– արդէն աւանդութիւն դարձած,– Happy Hour հիւրասիրութիւնը՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ Մարսիլիոյ մէջ ՀՀ աւագ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանի ներկայութեան: Մասնակցած են մեծ թիւով հրաւիրեալներ, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ՝ տարբեր երկիրներէ:
Օրուան ընտրութիւնը խորհրդանշական էր, որովհետեւ կը զուգադիպէր հայ շարժարուեստի հիմնադիր Համօ Բէկնազարեանի ծննդեան 130-ամեակին։ Այդ առթիւ հայկական տաղաւարին մէջ ցուցադրուած է բեմադիրին ֆիլմերէն քաղուած հատուածներու հոլովակ մը։