Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Մահ՝ հանրածանօթ լրագրող Տանիէլ Պիլալեանի

Ֆրանսահայ հանրածանօթ լրագրող Տանիէլ Պիլալեան իր մահկանացուն կնքած է Մայիս 14-ին, 78 տարեկան հասակին։ 

Ֆրանսական հեռատելի խորհրդանշական դէմքերէն մէկն էր։ Աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին, ան ներկայացուցած է Antenne 2/France 2-ի լրատւութիւնները 1980-1990-ական թուականներուն, ապա ղեկավարած է France Télévisions-ի մարզական բաժինը (2005-2016)։ Որդին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող Գրիգոր Պիլալեանի, ծնած էր Փարիզ 1947-ին։ Իր մասնագիտական ասպարէզը սկսած է Ռեմսի «L’Union»-ին մէջ, յետոյ ORTF, ապա Antenne2, ուր յաջորդաբար աշխատած է որպէս հաղորդավարը ժամը 13-ի եւ 20-ի լուրերուն։ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւններու մեկնաբան (2006-2016), անոր գործունէութիւնը ունեցած է որոշ վերիվայրումներ, մանաւանդ մարզական խմբագրութեան իր ղեկավարման ոճին վերաբերեալ։ Հայ դատի աջակից, ան կանոնաւորապէս մասնակցած է CCAF-ի ընթրիքներուն։ Հանգստեան կոչուած էր 2016-ին։