Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան Մայիս 6-ին աշխատանքային այցելութիւն մը կատարած են Մարսիլիա, որու ընթացքին ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնք կը վերաբերէին, ի շարս այլոց, տնտեսական, առողջապահական եւ զբօսաշրջական բնագաւառներուն։
Համագործակցութեան եւ բարեկամութեան նշանաբանին ներքոյ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է նաեւ Մարսիլիա Փրովանս օդակայանի պատասխանատուներուն հետ քննարկելու՝ յառաջիկայ Մարսիլիա-Երեւան թռիչքներու հաստատման հեռանկարը։
Այնուհետեւ, ի պատիւ հայկական զոյգ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փեյան ընդունելութիւն մը սարքած է քաղաքապետարանին մէջ, որուն ներկայ եղած են բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ի շարս որոնց՝ նախկին նախարարուհի եւ ծերակուտական Մարի-Առլէթ Գարլոթի, Մարսիլիոյ մէջ ՀՀ աւագ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, քաղաքապետի՝ ապահովութեան հարցերու կցորդ Եանիք Օհաննէսեան, Հարաւի CCAF-ի համանախագահներէն Ժիւլիէն Հարունեան եւ Ազատ Պալալաս-Գազանճեան, ինչպէս նաեւ հայկական ընկերակցութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Քաղաքապետը իր ելոյթին մէջ դրուատանքով անդրադարձած է Մարսիլիոյ հայ համայնքին, անոր ունեցած ներդրումներուն ու խաղացած կարեւոր դերին, աւելցնելով որ իրեն համար անկարելի է իր գլխաւորած քաղաքը երեւակայել առանց անոնց՝ Հայերուն, եզրակացնելով՝ «Միշտ պիտի մնանք Հայաստանի կողքին»։
Մարսիլիոյ քաղաքապետը իր անսեթեւեթ աջակցութիւնը յայտնելէ ետք Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Փանթէոն փոխադրելու ծրագրին, խօսած է Մարսիլիոյ եւ Երեւանի միջեւ գործակցութեան 30-ամեակին մասին, ծանրանալով այդ գործակցութեան զանազան ծալքերուն վրայ։
Պընուա Փեյան իր զօրակցութիւնը յայտնած է նաեւ «թուրքեւազերի ազգայնականներու բռնութիւններու զոհ» Արցախի ժողովուրդին։
“Կեցցէ՛ Մարսիլիան, կեցցէ՛ Երեւանը, կեցցե՛ն Ֆրանսան ու Հայաստանը. կեցցէ՛ Հանրապետութիւնը”,– խօսքերով ան եզրափակած է իր ելոյթը։
Տիկին Տոլմաջեան իր կարգին խօսք առնելով՝ նախ սոյն ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Մարսիլիոյ քաղաքապետին։ Ան ոգեկոչած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, նշելով որ այս քաղաքը հիւրընկալեց այդ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու առաջին ալիքները եւ այդ հանգամանքով իսկ՝ Մարսիլիա կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի յարութեան ու վերածնունդի խորհրդանիշը։
Հայաստանի դեսպանուհին այնուհետեւ անդրադարձած է Ֆրանսան եւ Հայաստանը իրարու կապող եւ առնուազն 15-րդ դարէն մեր օրերը հասնող իւրայատուկ յարաբերութիւններուն։
Ան եւս անդրադարձած է Մանուշեան երեւոյթին, կրկին անգամ երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրանսային՝ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու հիւրընկալութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Ապրիլեան ոգեկոչումներու պաշտօնական թուականով հաստատման համար, ողջունած է Մարսիլիոյ եւ Երեւանի միջեւ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ գործակցութեան նախաձեռնութիւնները։ Տիկին Տոլմաջեան նաեւ Մարսիլիոյ քաղաքապետին փոխանցած է քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի՝ Երեւան այցելելու հրաւէրը։
Դեսպանուհին իր ելոթը աւարտած է “Կեցցէ՛ Մարսիլիա քաղաքը, կեցցէ՛ Երեւանը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Ֆրանսան եւ կեցցէ՛ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը” խօսքերով, արժանանալով ծափողջոյններու տարափի մը։
Յովհաննէս Գէորգեան ընդունելութենէն պարտադրաբար բաժնուած է բաւական կանուխ, մեկնելու համար Էքս-ան-Փրովանս, ուր պիտի մասնակցէր քաղաքապետուհի Սոֆի Ժուասէնի եւ Էքս-ան-Փրովանսի Հայ՚զ Գլէօպի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ 44-օրեայ պատերազմին ու Արցախի ապագային նուիրուած համաժողովին։