Կիրակի, Ապրիլ 10-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլը։
Նախ եւ առաջ, պէտք է նշել նախագահական ընտրութեան մը համար՝ ձեռնպահութեան շատ բարձր տոկոսը, որ կարելի է մեկնաբանել ժողովուրդին ստուար մէկ մասին անտարբերութեամբ, կամ թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ թերահաւատութեամբ, որ դէմքեր փոխելով՝ բան պիտի չփոխուի իրենց սեփական իրավիճակէն, կամ զիրենք յուզող հարցերէն։ Արդարեւ, ձեռնպահութեան տոկոսը հասած էր մօտաւորապէս 27%-ի, որ 2002-ի Ա. փուլի մրցանշային 28,4%-էն նուազ ըլլալով հանդերձ, ամէնէն բարձրերէն է։
Ինչ կը վերաբերի թեկնածուներու ստացած քուէներու թիւին, մեծ անակնկալները ո՛չ այնքան առաջին դիրքերու վրայ հասնողներուն կը վերաբերէին, որքան՝ ակնկալուածէն շա՜տ-շա՜տ հեռու արդիւնքներ ձեռք ձգողներուն, ինչպէս՝ Վալերի Փեքրէսի կամ աւելի ծանրակշիռ՝ Անն Հիտալկոյի ջախջախիչ պարտութիւններուն։
Վերադառնանք այս ընտրութեան յաղթականներուն. առաջին երկու դիրքերու վրայ հասան պաշտօնաւարտ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն եւ ծայրայեղ աջակողմեան Մարին Լը Փէն։ Այս երկու թեկնածուներէն ոչ մէկը բացարձակ մեծամասնութիւն (աւելի քան 50%) ձեռք ձգած ըլլալով՝ անոնք Ապրիլ 24-ին՝ Բ. փուլին պիտի առճակատին Ֆրանսայի Ե. Հանրապետութեան 12-րդ նախագահը դառնալու համար։
Ապրիլ 10-ի երեկոյեան յայտարարուած արդիւնքները հետեւեալ պատկերը կը պարզէին.-
– Էմանիւէլ Մաքրոն (Յառաջացող Հանրապետութիւնը – La République en Marche-LREM)՝ 28,2%,
– Մարին Լը Փէն (Ազգային համախմբում – Rassemblement national-RN)՝ 23,4%,
– Ժան-Լիւք Մելանշոն (Անհնազանդ Ֆրանսան – La France Insoumise-LFI)՝ 21,2%,
– Էրիք Զեմմուր (Վերանուաճում – Reconquête)՝ 7,3%,
– Վալերի Փեքրէս (Հանրապետականներ – Les Républicains-LR)՝ 4,9%,
– Եանիք Ժատօ (Եւրոպա Բնապահութիւն-Կանաչներ – Europe Ecologie-Les Verts-EELV)՝ 4,5%,
– Ժան Լասալ (Դիմադրե՛նք – Résistons)՝ 2,8%,
– Ֆապիէն Ռուսէլ (Ֆրանսական Համայնավար կուսակցութիւն – Parti communiste français-PCF)՝ 2,5%,
– Նիքոլա Տիւփոն-Էնիան (Ոտքի՛ Ֆրանսա – Debout la France-DLF)՝ 2,1%,
– Անն Հիտալկօ (Ընկերվարական կուսակցութիւն – Parti Socialiste-PS)՝ 1,8%,
– Ֆիլիփ Փութու (Հակադրամատիրական նոր կուսակցութիւն – Nouveau parti anticapitaliste-NPA)՝ 0,7%,
– Նաթալի Առթօ (Աշխատաւորական պայքար – Lutte Ouvrière-LO)՝ 0,6%։ ■