Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – ՆԻՍ – Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հանդիպումները

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջանակին մէջ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այցելած է Նիսի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Խաչատուր աւագ քահանայ Պօղոսեանը ողջունելէ ետք, նախագահը ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ, ապա ուղղուած է դէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դրացնութեամբ գործող Պարսամեան կրթահամալիրը:

Նախագահը շրջած է դպրոցին մէջ, խօսած աշակերտներուն հետ եւ զրուցած վերջիններուս կազմակերպած մշակութային ձեռնարկին:

Այնուհետեւ կրթահամալիրի դահլիճին մէջ նախագահ Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Նիսի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուցած է ներհայաստանեան եւ տարածաշրջանային զարգացումները եւ պատասխանած ներկաները յուզող հարցումներուն: